Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Կը Բողոքէ Թրքական Քաղաքականութեան Դէմ – Պէյրութ


Ազդակ – Չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ 60 հոգինոց ԼԵՄ-ականներու եւ ԶՈՄ-ականներու խումբ մը բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի «Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ» հանրախանութի շարժապատկերի սրահին մուտքին, ուր տեղի պիտի ունենար Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած «Սոն Մեքթուփ» (Վերջին նամակը) թրքերէն ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնը կը խօսի Կալիփոլիի պատերազմին մասին, որուն 100-ամեակը օգտագործելով, թրքական  արտաքին քաղաքականութիւնը կը փորձէ միջազգային ուշադրութիւնը շեղել Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ կատարած ոճիրէն: Բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս ձախողեցաւ իր ծրագիրը ի գործ դնել: Դաշնակցական երիտասարդներն ու ուսանողները ԼԵՄ-ականներն ու  ԶՈՄ-ականները, հագուած 100- ամեակի նուիրուած միացեալ տարազ, բարձրացուցին անգլերէնով եւ արաբերէնով բողոքի պաստառներ, ինչպէս նաեւ Էրտողանը քննադատող նկարներ: Ցուցարարները կազմելով ամուր մարդկային անցք մը, քաղաքակրթօրէն հսկեցին սինեմայի մուտքը եւ ներկաներուն ցրուեցին ցոյցի, բացատրողական թռուցիկներ:

Այս մէկը զայրոյթ պատճառեց թրքական դեսպանատան ապահովական ուժերուն եւ համակիրներուն մօտ, անոնք ցեղապաշտական կանչեր սկսան արձակել, ապա յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ (որոնց մեծամասնութիւնը աղջիկնէր էին): Հայկական կողմը դիմադրեց թրքական կողմին մինչեւ որ լիբանանեան ներքին ապահովութեան ուժերը միջամտեցին ու բաժնեցին երկու կողմերը: Այս դէպքին ընթացքին երկու հայ երիտասարդներ վիրաւորուեցան, իսկ 1 թուրք ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ: Անոր միացաւ երկրորդ մը, որ աւելի ուշ հասաւ եւ ուզեց միանալ թրքական կողմին: Ոստիկանութիւնը շարժապատկերի մուտքին դուռը փակելով բաժնեց հայ ցուցարարները եւ թուրք խուլիկաններէն:

Ապա թուրքերը սկսան կանչել «Էրտողան, Էրտողան», որոնց հայկական կողմը պատասխանեց «Ցեղասպան, ցեղասպան» բացագանչելով: Դաշնակցական ցուցարարները շարունակեցին իրենց անգլերէն կանչերը` գոռալով «Հայոց ցեղասպանութիւն», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Ոճրագործ Թուրքիա» եւ այլ կարգախօսներ: Անոնց յաջորդեցին յեղափոխական երգեր:

Աւելի քան 2 ժամ տեւող այս ելեկտրականացած ցոյցը մեծ աղմուկ ստեղծեց «Ա. Պէ. Սէ.»ի մէջ, ուր հակառակ ապահովական խիստ ներկայութեան, անցորդներ եւ յաճախորդներ միացան բողոքողներուն եւ նկարուեցան իրենց պաստառներուն հետ: Անոնց միացան նաեւ մեծ խումբով պաշտօնեաներ, որոնք ամբողջ ցոյցի ժամանակ հետեւեցան դէպքերուն:

Տեղին է նաեւ նշել, որ թուրք դեսպանը որոշ ժամանակի մը համար բանտարկուեցաւ սրահին մէջ, որովհետեւ բողոքի դէպքը չէր արտօներ անոր դուրս գալը: Ան ստիպուեցաւ սպասել, մինչեւ որ հայկական կողմը վերջ տայ ցոյցին եւ առիթ տայ անոր դուրս գալուն: Աւելցնենք, որ լիբանանեան զանազան պատկերասփիւռի կայաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ներկայ էին եւ հաղորդեցին դէպքին լուրը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.