Եւրոխորհրդարանը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Եւրոմիութեան Երկիրներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 12ին, Եւրոխորհրդարանը վաւերացուցած է մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ իր տարեկան զեկոյցը, որմէ որոշ պարբերութիւններ կը վերաբերին հայութեան:
Եւրոխորհրդարանը, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ կը խրախուսէ Եւրոմիութեան հիմնարկները՝ նպաստել Ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը (ՀԵԲ) ջերմօրէն ողջունած է Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցը: ՀԵԲ ղեկավար Էտուարտօ Լորենզօ Օչօա գրած է. «Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Եւրոխորհրդարանը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, դարձեալ հաստատելով, որ ցեղասպանութիւնները եւ անոնց ժխտումը պէտք է դիտարկուին մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս: Այս առանձնայատուկ տարուան ընթացքին, մենք երախտապարտ ենք հայ ժողովուրդին հանդէպ եւրոպական համերաշխութեան այսպիսի ուժեղ ազդանշանի համար»:
Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցը մասնաւորապէս ուշադրութեան տակ կը դնէ մարդկային իրաւունքներու հարցը՝ Եւրոմիութեան գործընկերներուն հետ յարեբերութիւններու պարունակէն ներս, նշելով. «Եւրոմիութեան գործընկեր երկիրներուն պէտք է համագործակցութեան առաւել բարձր կարգավիճակ շնորհուի՝ բացառապէս մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան առնչուող պայմանները բաւարարելու պարագային, իսկ Եւրոմիութիւնը պէտք չէ վարանի յարեբերութիւնները սառեցնելէ՝ նշուած պահանջները չբաւարարուելու պարագային»:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ անդրադարձ կայ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին, մասնաւորպէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, նշելով նաեւ հայերու պարագան: Այս պարբերութիւններով, խորհրդարանը կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն՝ «երաշխաւորելու, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները յարգուին աշխարհի տարածքին, մասնաւորապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր քրիստոնեաները, ներառեալ կաթոլիկները, առաքելական հայերը, ղպտիները, եզիտիներն ու իսլամ փոքրամասնութիւնները կը հալածուին «Իսլամական պետութեան» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.