1919-ին «Տը Կարտիըն» կը գրէր Ղարաբաղի հայերուն դէմ գործադրուած ջարդերուն մասին


Բրիտանական«Տը Կարտիըն» օրաթերթը իր Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 1919-ի թիւին մէջ «Հայկական ջարդ. Հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ սպաննուած» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը կարդանք.

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի մէջ հայ պետական աղբիւրէ մը ստացած է 17 Յունիս թուակիր զեկուցում մը, որ մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ վերջերս Ղարաբաղի մէջ հայերու ջարդը։ Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ զինադադարէն (Համաշխարհային Ա պատերազմի «Հ») ութ ամիս ետք՝ Կովկասի մէջ հայ կիներ ու մանուկներ ջարդուած են։

«Յունիս 4-ի առաւօտեեան ժամը երեքին Ազրպէյճանի թաթար կառավարութեան զինեալ ուժերը հայկական Ղարաբաղ նահանգի կառավարիչ նշանակուած տոքթ.Սուլթանովի հրամանով սկսան յարձակում գործել մայրաքաղաք Շուշիի վրայ։ Հայերը Սուլթանովէն վերատիրացան ամրութիւններուն, սակայն Հայ ազգային խորհուրդի անդամները, յաւելեալ արիւնայեղութենէն զգուշանալու համար հեռացան քաղաքէն։ Այն հայերը, որոնք գործով քաղաքի թաթարական շրջանին մէջ էին կամ այդտեղ կ՚ապրէին անողոքաբար ջարդուեցան։

«Այդ արարքները յաջորդող օրերուն տարածուեցան ամբողջ երկրին մէջ, եւ այդ շրջանին մէջ բնակող քիւրտերը ջարդեցին Խայփալիի խաղաղ բնակչութիւնը՝ հրկիզելով, աւարելով եւ քանդելով ամէն բան, ինչպէս նաեւ կիներ ու փոքր աղջիկներ գերեվարելով։ 50 կիներ եւ աղջիկներ տարուեցան կառավարիչ Սուլթանոֆի տունը, որ զանոնք երկու օր ետք Վահան սրբազանի եւ ուրիշներու միջամտութեան իբրեւ արդիւնք վերադարձուց։ Քարկաժան, Փահլուլ եւ Ճամուշլի գիւղերը նոյն ճակատագիրին արժանացան, իսկ երկու այլ գիւղեր մասնակի վնասներ կրեցին։

«Զոհերուն ընդհանուր թիւը աւելի քան 600 է, որոնցմէ շատերը կիներ ու մանուկներ են։ Մարդիկ Երեւանի մէջ Բրիտանական առաքելութեան շէնքը կը պաշարեն՝ պահանջելով արդարութիւն։ Կը հաղորդուի, որ Կովկասի մէջ դաշնակից ուժերու հրամանատարը ձերբակալած է տոքթ. Սուլթանոֆը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.