102-Ամեայ Մուսալեռցի վերապրող Սիրվարդ Ատաճեան


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մուսա լերան հերոսամարտի եւ աւանդական հարիսայի ստեղծման պատմութեան ականատես Սիրվարդ Ատաճեան ապրիլին կայանալիք իր 103-րդ տարեդարձին կը սպասէ մեծ ոգեւորութեամբ։ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը, հակառակ պատկառելի տարիքին, բարդ վիրահատութեան ենթարկուած էր վերջերս։ Ոսկրաբեկորներու տեղաշարժով աջ ազդոսկրի կոտրուածք ունեցող կնոջ վիրահատութիւնը յաջող անցած է։ 

Ականատեսի թոռը՝ Արշաւիր Աղաջանեանը «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին մէջ պատմած է. «Մեծ մայրիկը իսկապէս դիմացկուն է, տոկուն։ Հինգ տարի առաջ ձախ ոտքի վնասուածք ստացած էր, ոտքին մէջ տեղադրուած էր մետաղեայ բաժին մը, որուն պատճառով մարմինի ամբողջ ծանրութիւնը ինկած էր աջ ոտքի վրայ, որ փաստօրէն չէր դիմացած եւ տարիներ ետք կոտրուած էր»։

Տարեց կինը հետվիրահատական բարդութիւններ չունի։ Ան կը փափաքի օր առաջ տուն վերադառնալ։ Անհամբեր կը սպասէ, թէ երբ հերթական անգամ հայացք պիտի նետէ սեփական տան բակին, ուր յատկապէս տարուան տաք ամիսներուն կ՚աճին իր ձեռքերով տնկուած եւ խնամուող ծառերն ու ծաղիկները։

«1915 թուականին, ես, քոյրս, մայրս եւ մեծ մայրս բարձրացանք Մուսա լեռ։ Ես այդ ժամանակ երեք տարեկան էի։ Հայրս եւ հօրեղբայրս զինուորներ էին։ Հայրս կարգադրեց մօրս վերցնել մեզ եւ բարձրանալ լեռը», մինչեւ իսկ հիւանդանոցին մէջ պատասխանելով հետաքրքրուողներու «ծնունդով ուրկէ էք» հարցումին՝ կը մէջբերէ նախանձելի յիշողութիւն ունեցող Սիրվարդը՝ երբեմն երբեմն յուշերը ընդհատելով արցունքներով։

Երեւանաբնակ ականատեսը Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լեռան քառասուն օրը» հանրածանօթ վէպին մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու եզակի կենդանի վկաներէն է։ Անոր ընտանիքը Կիլիկիան Սուէտիայի շրջանի այն հայութեան շարքին էր, որ 1915 թուականին մասնակցած էր թրքական ջարդարարներու դէմ մղուած հերոսական պայքարին։ Երբ տեղւոյն թրքական իշխանութիւնները փորձած են իրականացնել հայութեան տեղահանման հրամանը, հայերը որոշած են դիմադրութիւն ցոյց տալ՝ բարձրանալով Մուսա լեռ, ուր եւ կազմակերպած են ինքնապաշտպանական մարտեր՝ 53 օր շարունակ յաջողութեամբ ետ մղելով թրքական զօրքերու յարձակումները, մինչեւ որ փրկուած են ֆրանսական մարտանաւերու կողմէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.