Եաշար Քեմալ
Խոր ծերութեան մէջ, իր մահականացուն կնքած է Թուրքիոյ յետ-պատերազմեան արձակի վարպետը՝ Եաշար Քեմալ։ Ազգութեամբ քիւրտ այս պատկառելի արձակագիրը իր ստեղծագործական քանքարը նուիրաբերեց թրքական ներքնաշխարհի բացայայտման գործին։ Իր վէպերը կը խօսին հոգեբանական դաժան հակասութիւններու մէջ բռնուած այն պարզ մարդոց մասին, որոնք հալածուած են իրենց ճակատագրէն և չարչարագին ճիգերով կը փնտռեն ելքը…
Իր հերոսները ժառանգած են այն գիւղաշխարհը, որուն վրայէն անցած է Հայոց Ցեղասպանութեան սև ստուերը և ահաւասիկ սերունդներ ետք ժամանակը կը մերժէ սրբել մարդոց կեանքէն գործուած մեծ ոճիրին անէծքը։ Մարդիկ կ՚ապրի՛ն այդ անէծքը ամէն օր անծայր տգիտութեան մէջ մշտնջենաւորելով իրենց յոռի բարքերը և հաւաքաբար ամրագրելով դասակարգային շահագործումի այն դժոխային մեքենան, որ կը ղեկավարէ իրենց կեանքերը։
Եաշար Քեմալ կը գրէ մեծ մարդկայնութեամբ և կարեկցանքով։ Ան մէկ-մէկ կը յիշեցնէ իր ընթերցողին, որ այս հողերը ունէին իրենց հարազատ տէրերը, շինարար մէկ ժողովու՛րդ՝ որ վաղուց դադրած է ապրելէ հոս…Ու՞ր գացին անոնք՝ կ՚ըլլայ յաջորդ և անխուսափելի հարցումը առանց յստակ պատասխանի։ Կը պարզուի, որ իր հերոսները նաև զրկուած են այս առումով. անոնք չունին պատմական յիշողութիւն և ստիպուած են կրել այս ծանր բեռը։
Եաշար Քեմալի վէպերուն ընթերցումը ինծի յիշեցուցած է Թլկատինցիի գրականութիւնը։ Ցեղասպանութեան զոհ՝ Թլկատինցին ապրեցաւ իր գաւառական անխաթար հոգիով, դաստիարակեց սերունդներ Խարբերդի իր դպրոցի յարկին տակ և անոնց շարքերէն հրապարակ իջան բազմաթաիւ շնորհալի գրագէտներ, ինչպէս Ռուբէն Զարդարեան (իր կարգին՝ Ցեղասպանութեան զո՛հ)։ Թլկատինցի նաև մեծ արձակագիր մըն էր անսեթևեթ և համեստ պատմողի իր դիրքերէն։ Իր պատմուածքները չեն իտէալականացներ գաւառի կեանքը։ Անոնց խստամբեր մթնոլորտը իրական հայելին է գաւառի հայոց կեանքին։
Եաշար Քեմալի վէպերը իւրայատուկ ձևով կը շարունակեն տարեգրութիւնը մարդկային այն իրականութեան, որուն բաբախուն վկայութիւնը կ՚ապրի Արևմտահայ գրականութեան էջերուն մէջ։ Եաշար Քեմալ կու տայ միւս երեսը գաւառին։ Ան կու տայ թուրքերու «վերապրող» գաւառին բնութագիրը Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ ետք՝ անպատմելի իր ներանձնութեամբ, կնճիռներով և տառապանքով։Եաշար Քեմալի ժամանակները շատ աւելի անթոյլատու էին քան այսօր և ան եղաւ առաջին ձայներէն մէկը իր ընդվզումը բարձրաձայնող։
Կարօ Արմենեան