«100 արաբական վկայութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ»


Եգիպտական «Սատա Պալատ» կայքէջի  22 փետրուարի իր թիւով անդրադարձած է  Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող դոկտ. Նորա Արիսեանի գիրքին:

Ալաա Մնեաուի իր յօդուածին մէջ կը գրէ.

Հայաստան այս տարուան ապրիլին պիտի նշէ օսմանցիներուն կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Այդ  առիթով Եգիպտոսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբի անդամ տոքթ. Արմէն Մազլումեան տեղեկացուց նոր գիրքի մը հրատարակութեան մասին, որ լոյս տեսած է Լիբանանի մէջ, դոկտ. Նորա Արիսեանի հեղինակութեամբ, «100 արաբական վկայութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ» վերնագիրով:

Այդ գիրքին մէջ հեղինակը կը շեշտէ, որ  Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է հաղորդակցման ազդակ մը  հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ. արդարեւ, արաբները եղան առաջին վկաները բնաջնջման դէպքերուն եւ առաջինն էին, որոնք կարեկցանքով վարուեցան հայերուն հետ` անոնց տրամադրելով ապաստան եւ դարմանելով Հայոց ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքները:  Այնուամենայնիւ, Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ միջազգային պատմական աղբիւրները անտեսեցին արաբական աղբիւրները, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին  կոտորածները ուսումնասիրելու ատեն: Այդ պատճառով այս գիրքին մէջ տեղ գտած ուսումնասիրութիւնները կը հրամցնեն նոր աղբիւրներ, որոնք կրնան ծառայել այս հարցին նոր դիտանկիւնէ մօտենալու:

Նաեւ այս գիրքը կը համարուի մատեան մը` վկայութիւններու արաբ անձնաւորութիւններու, որոնք մշակութային եւ գիտական արժէք ունին, մանաւանդ որ այդ գիրքին մէջ նշուած անձնաւորութիւնները այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը Երեւանի մէջ: Այդ անձնաւորութիւններն են` դեսպան Ֆայզա Նաճան, Սուրիոյ կրթութեան նախարար Ալի Սաատ, Եգիպտոսի  վարչական վերահսկողութեան մարմինի նախկին առաջին տեղակալ Եուսրի Ապտուլլահ եւ մշակոյթի նախարարի առաջին տեղակալ Հուսամ Նասսար:

Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ 20 օգոստոս 2013-ին «Սատա Պալատ» թերթին մէջ Ալաա Մնեաուիի ստորագրած յօդուածը, որ գրուած է Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը անոր տուած այցելութեան լոյսին տակ եւ կը կրէ «Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը կը վկայէ հայոց սպանդներուն վերաբերող մարդկային պատմութիւններու մասին» վերնագիրը:  Լրագրողը կը գրէ. «Հակառակ անոր որ պատմականօրէն փաստուած է հայերուն հանդէպ Օսմանեան կայսրութեան կատարած ոճիրը, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, սակայն Թուրքիան տակաւին կը մերժէ ընդունիլ իր գործած ոճիրին մեծութիւնը»:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.