Մահացաւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին կործանումէ փրկած գրագէտ Եաշար Քեմալը
«Այս հողերը միեւնոյն ժամանակ մեծ ցաւերու եւ կոտորածներու հողեր են. վերապրած շատ մեծ ցաւեր, ոչնչացուած մեծ արժէքներ կան, սակայն մարդկային բոլոր աղտերէն մաքրուելու ճիգեր ալ կան: Ճիգերէն ամենասուրբն ալ թշնամութիւններուն դէմ դուրս գալն ու խաղաղութեամբ պայքարիլն է»:
Եաշար Քեմալ
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ 92 տարեկանին մահացած է թուրք ժամանակակից գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն Եաշար Քեմալ: Ան 1973-ին գրականութեան նոպէլեան մրցանակի թեկնածու էր։
Ծագումով քիւրտ Եաշար Քեմալ Պոլսոյ մէկ հիւանդանոցը փոխադրուած էր 14 յունուարին` թոքի բորբոքումի, սիրտի աշխատանքի եւ շնչառութեան համակարգի խնդիրներու պատճառով:
Նոպելեան մրցանակի առաջադրուած գրողը 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ արժանացած էր «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալի` իր հայանպաստ գործունէութեան համար: Ան մեծ աւանդ ունեցած է 1951 թուականին Աղթամարի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ոչնչացումէ փրկելու գործին մէջ:
1951-ին Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած է եկեղեցին քանդելու ծրագիր մը: Թուրք զինուորական մը, ներքին կարգով տեղեկանալով այդ մասին, յայտնած է «Ճումհուրիյէթ» թերթի թղթակից, ազգութեամբ քիւրտ Եաշար Քեմալին: Գրող, լրագրող եւ հրապարակախօս Եաշար Քեմալ կը դիմէ բոլոր ատեաններուն եւ կը գրէ այս մասին։ Ան կը համոզէ թրքական իշխանութիւններուն, որ եկեղեցին միայն հայերունը չէ, այլ՝ Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութիւնն է եւ պէտք է պահպանուի: Եկեղեցին չի քանդուիր, սակայն զինուորականն ու Եաշար Քեմալը կ՚ենթարկուին հալածանքներու: