Մեր Պաշտօնական Ներկայացուցիչը Ապրիլ 24-ին Պիտի Չմեկնի Թուրքիա. Իսրայէլի Դեսպան


NEWS.am-ը բացառիկ հարցազրոյց մը ունեցած է  Հայաստանի մէջ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շմուել Մեյրոմի հետ:  Հարցազրոյցին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հատուածը կը ներկայացնենք ստորեւ.

 – Այս տարուան Ապրիլ 24-ին կը ծրագրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպել: Իսրայէլի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի՞  ձեռնարկներուն, թէ ոչ:

– Այս տարի Իսրայէլի անկախութեան ձերնարկները կը սկսին Ապրիլ 22-ին եւ պիտի շարունակուին ամբողջ յաջորդ օրուան ընթացքին: Ապրիլ 24-ը Ուրբաթ է, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան հրեաներու մօտ կը սկսուի Շաբաթը: Այդ պատճառով Իսրայէլի պաշտօնական դէմքերուն համար հեշտ չէ մասնակցիլ այդ օրը ծրագրուած ձեռնարկներուն: Մեր կարծիքով` Ապրիլ 24-ը խնդրայարոյց օր է պաշտօնական այցելութիւններու համար: Յուսամ` Իսրայէլի պաշտօնական պատուիրակութիւնը տարուան ընթացքին այցելէ Երեւան:

 – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան Ապրիլ 24-ը յայտարարած է Չանաքքալէի ճակատամարտի 100-ամեակի օր: Վերջին շրջանին Թուրքիա եւ Իսրայէլ սուր յայտարարութիւններ հնչեցուցին իրարու հասցէին: Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչները հրաւիրուա՞ծ են այդ ձեռնարկներուն` հաշուի առնելով կողմերու սուր ելոյթները:

– Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչը Ապրիլ 24-ին պիտի չմեկնի Թուրքիա, ոչ միայն վերոնշեալ պատճառներով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ նման հրաւէր չէ ստացած:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.