Զուարթ Սուջեանը նոր դատ կը բանայ Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով Պաթմանի (Սասուն) օդակայանը


Ամերիկահայ Զուարթ Սուջեանը նոր դատ բացած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ՝ պահանջելով Պաթմանի (պատմական Սասնոյ եւ Սղերդի շրջան) նահանգին մէջ գտնուող իր նախնիներուն պատկանող հողատարածքը, որուն վրայ այժմ կառուցուած է Պաթմանի օդակայանը: Այս մասին կը գրէ թրքական T24 լրատուական կայքէջը:

Տարածքը պատկանած է է Զուարթ Սուջեանի մօր՝ Պասմաճեաններու տոհմին: Այդ տարածքը Տիարպեքիրի մէջ գտնուող Պասմաճեաններուն պատկանող տարածքին նման պետութեան կողմէ առանց տեղեկացնելու բռնագրաւուած է տասնամեակներ առաջ: Դատական հայցը ներկայացուած է Պաթմանի դատարան: Հայցը ընդունուած է, իսկ դատական գործընթացը արդէն իսկ սկիզբ առած է: Սուջեանի փաստաբանները կը  պահանջեն անօրինական նկատել 1963 թուականին ընդունուած որոշման հիման վրայ հողատարածքի պետական կալուածային արձանագրութիւններուն մէջ գրանցելն ու փոխհատուցում վճարել հողատարածքի արժէքի չափով:

 Նշենք, որ Տիարպեքիրի օդանակայանի տարածքը նոյնպէս կը պատկանի Զուարթ Սուջեանին։ Այս օդակայանին գծով դատը 2013-ին մերժուած է, իսկ այժմ վերաքննութեան ընթացքի մեջ է։

Տեսարան Պաթման քաղաքէն


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.