ՀՅԴ Բիւրօն Կը Հանդիպի Արամ Ա.ին
1625
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Փետրուար 14ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին, գլխաւորութեամբ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի:
Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս՝ Համահայկական հռչակագիրը եւ անոր թողած դրական արձագանգը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: