Ըստ ՄԱԿին՝ Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Զէնքի Մատակարարման Գլխաւոր Ճամբան Է


ՊՈԼԻՍ.- «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿի մէկ զեկուցումին՝ Թուրքիոյ տարածքը Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայերայեղական խմբաւորումները զէնքերով մատակարարելու գլխաւոր ճամբան է:
ՄԱԿի «Քայիտա»ի դէմ պատժամիջոցներու յանձնախումբին պատրաստած զեկուցումին մէջ նշուած է. «(Զէնքերու) մեծամասնութիւնը կամ Իրաքի զինեալ ուժերէն, կամ (աւելի նուազ չափով) Սուրիոյ արաբական հանրապետութենէն գողցուած են, կամ ալ մաքսանենգուած են «Իսլամական պետութեան» եւ «Ճապհաթ Նուսրա»ի համար, գլխաւորաբար օգտագործելով ճամբաներ, որոնք կ՛անցնին Թուրքիայէն»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.