Ցեղասպանութեան 100ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կոնդակի Ընթերցում՝ Բոլոր Թեմերու Եկեղեցիներէն Ներս


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յառաջիկայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 28ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր տաճարէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագի պիտի ընթերցուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակը:
«Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին՝ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս, ունկնդրելու համար վեհափառ հայրապետի կոնդակը, եւ անկէ եկող մտածումներով ու պատգամներով գօտեպնդուած՝ արժեւորելու 2015 թուականը մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ», նշուած է կաթողիկոսարանէն յղուած հաղորդագրութեան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.