«Նիկոլ Դուման» Գիրքի Շնորհանդէսը Արցախի Մէջ
Դեկտեմբեր 23-ին Ստեփանակերտի «Եւրոպա» հիւրանոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Համլէթ Գէորգեանի «Նիկոլ Դուման» վերահրատարակուած գիրքին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը:
Շնորհանդէսին մասնակցած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, ԱԺ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ եւ մտաւորականներ:
Նիկոլ Դումանի մահուան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիրքը վերահրատարակուած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան գործավար Ժասմէն Պունիաթեանի հովանաւորութեամբ, իսկ Ստեփանակերտի մէջ գիրքին շնորհանդէսը կազմակերպած էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն:
Համլէթ Գէորգեանի «Նիկոլ Դուման» գիրքը նուիրուած է Հայ ազգային-ազատագրական պայքարի նշանաւոր գործիչ Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեանին (Նիկոլ Դուման):
Գիրքին հեղինակը հայրենական պատմագրութեան մէջ առաջին անգամ, արխիւային նորայայտ վաւերագրերու, յուշագրութիւններու, մենագրութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ օգտագործումով՝ ներկայացուցած է Նիկոլ Դուման ազգային գործիչի հսկայածաւալ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը:
Այս տարուան Սեպտեմբեր 28-ին լրացած է Հայ ազգային- ազատագրական պայքարի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալներէն մէկուն` Նիկոլ Դումանի մահուան 100-ամեայ տարելիցը: Պատմական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆէսըր, ԼՂՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի գնահատականով` կատարուած աշխատանքը այժմէական է մանաւանդ արցախցիներուն համար. «Նիկոլ Դումանի կատարած գործն այսօր էլ ապրում է հայութեան մէջ, մեր զինուորների մէջ, եւ դրա արդիւնքն է, որ մենք կարողանում ենք պետականութիւն ունենալ եւ սահման պահել:
Համոզուած եմ, որ օրէցօր աւելի շատ խօսելով այդ մարդկանց մասին` մենք արժեւորում ենք այդ մարդկանց: Յարգանքի տուրքը մատուցելով Նիկոլ Դումանին` մեր երախտիքի խօսքը պէտք է յղենք այն բոլոր նահատակներին, ովքեր իրենց կեանքը նուիրաբերել են հայրենիքին, ազգային պետականութիւն ունենալուն»,- ըսած է ան:
«Որպէս պատմաբան` մեր ժողովրդին ներկայացրել եմ Նիկոլ Դումանին: Դումանին հնարաւոր չէ որեւէ մէկի հետ համեմատել, նա իսկապէս մեծութիւն է»,- ընդգծած է գիրքին հեղինակը՝ Aparaj.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
Հեղինակին խօսքերով` գիրքի ընթերցողներուն հիմնական բացայայտումը պիտի ըլլայ այն, որ հզօր ազգ ունենալու համար պէտք է օրինակ վերցնել Նիկոլ Դումանէն: Դումանի կերպարը կրնայ օրինակ ծառայել, թէ ինչպէս պէտք է երկիր ղեկավարել` ապահով եւ հզօր հայրենիք ունենալու համար: