Աստիճանական Յեղաշրջումն ու Թուրքիոյ մէջ Հաւանական Քաղաքացիական Պատերազմը


Իհսան Եըլմազ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ նախկին հակաժողովրդավարական դէմքերուն չի նմանիր։ Ան աստիճանաբար կը մաշեցնէ ժողովրդավարութիւնը եւ կը կազմալուծէ պետական կառոյցները՝ ստեղծելու համար մենատիրական միանձնեայ վարչակարգ մը։ 

Թրքական լրատուամիջոցները գրեթէ ամբողջովին Էրտողանի վերահսկողութեան տակ են։ Սակաւաթիւ օրաթերթեր եւ պատկերասփիւռի կայաններէ բացի՝ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ Էրտողանի փտածութեան մասին գրել կամ հաղորդում կատարել։ Ծանր տուրքերով պատժելու սպառնալիքներու պատճառով՝ «Հիւրրիյէթ»-ի եւ «Միլլիյէթ»-ի նման ազդեցիկ օրաթերթեր կը փորձեն քննադատել կառավարութիւնը, սակայն ընդհանրապէս չեն անդրադառնար լուրջ հարցերու, որոնք կրնան վնասել Էրտողանի վարչակարգին։

Պատկերասփիւռի մեծագոյն կայանները՝ ինչպէս «Քանալ Տ», «Շօ Թի.Վի.» գրեթէ ամբողջովին Էրտողանի վերահսկողութեան տակ են։ Պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանները, որոնք յարգուած են, մանաւանդ հասարակութեան գիւղական եւ անուս հատուածներուն կողմէ՝ միայն Էրտողանի վարչակարգը կը գովաբանեն։ Արդէն իսկ տկար եղող ընդդիմութիւնը առիթը չունի երկրին համար նոր եւ այլընտրանքային ծրագիրներու մասին իր պատգամը փոխանցելու եւ կառավարութեան մասին անոր քննադատութիւնը ժողովուրդին լսելի չէ։

Ըստ վերջերս կատարուած հարցախոյզի մը, քուէարկողներու շուրջ 12 առ հարիւրը երբեք ալ չէ լսած Էրտողանի 1150 սենեակներ ունեցող նոր պալատին մասին, ուր մնաց այդ հարցով քննադատութիւնները։ Մէկ խօսքով՝ Էրտողանի վարչակարգը ապօրինաբար քանդած է Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւնը։ Այո, վերջինս գոյութիւն ունի, սակայն ջնջին կերպով աւելի ազդեցիկ է քան Ռուսիոյ, Ուզպեքիստանի եւ Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնները։ Այլեւս ճշգրիտ չէ Էրտողանի փառամոլութիւնները նմանցնել փութինականութեան. յստակ դարձաւ, որ անոր մտքին մէջինը չինական բնորդն է։ Ահա թէ ինչու որեւէ մէկը, որ զինք կը քննադատէ՝ անմիջապէս դաւաճան մը, ինչպէս նաեւ թէ՛ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ թէ՛ Մոսատի հաշւոյն աշխատող լրտես մը կը նկատուի։ Այս հարցը պէտք է շատ լուրջի առնուի՝ նախքան ուշ ըլլալը։ 

Էրտողանի մաֆիոզական մարտավարութիւնները երաշխաւորած են, որ իր բոլոր երեսփոխանները ունենան որոշ տկարութիւն մը, որ զիրենք շանթաժի դիմաց խոցելի կը դարձնէ։ Օրինակ, երեսփոխաններէն կամ անոնց ազգականներէն շատեր անցնող տասնամեակին ընթացքին ապօրինաբար շատ հարուստ դարձած են, եւ-կամ առանց պատշաճ վկայագիրներ ունենալու պետական պաշտօններ ստաձած են։ Էրտողան այդ երեսփոխաններուն մասին թղթածրարներ կը պահէ եւ աշխատանք կը տանի, որ անպայման այդ իրողութենէն տեղեակ ըլլան։

Էրտողան նաեւ արդարադատութեան անկախութիւնը կը մաշեցնէ։ Կարեւոր դատարաններու դատաւորներն ու դատախազները կա՛մ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիր դէմքեր կ՚ըլլան կա՛մ ալ փտածութեամբ յղփացած մարդիկ։ 

Հիթլերի հանդէպ Արեւմուտքին աչք խփելու կեցուածքին նման, արեւմուտքցի դէտեր, Թուրքիոյ դաշնակիցներն ու Թուրքիոյ վերնախաւը Էրտողանի ժողովրդավարական երկիր մը աստիճանաբար բռնատիրութեան երկիրի մը վերածելուն նկատմամբ կրաւորական կեցուածք որդեգրած են։ Երկիրը քանի մը տարիէն կրնայ ետդարձի անկարելիութեան կէտը հասնիլ։ Սակայն որովհետեւ Էրտողան պիտի չկարողանայ հասարակութեան տարբեր հատուածները իր ապօրինի եւ փտած կամքին ենթարկել՝ երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմներ կրնան ծագիլ՝ ինչպէս քիւրտերը Էրտողանի դէմ, ալեւիները Էրտողանի դէմ, արմատական իսլամականները ընդդէմ Էրտողանի, ծայրայեղ ազգայնականները ընդդէմ Էրտողանի եւայլն։ Յստակ է, որ այսպիսի անկայուն տարածաշրջանի մը մէջ անկայուն Թուրքիոյ մը գոյութիւնը ճամբայ պիտի հարթէ շրջանային աղէտներու, որոնք աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ պիտի չկարողանայ կանխարգիլել կամ կասեցնել։

Արդէն ժամանակն է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ողջախոհ անդամներն ու քուէարկողները, նշեալ կուսակցութեան միջազգային զօրակցողներն ու Թուրքիոյ վերնախաւը ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան կարելի եղածին չափ շուտ վերահաստատման համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.