Քըրք Գրգորեան Հետաքրքրուած էր, Թէ Ինչքան Գումար Պիտի Պահանջուի Թուրքիոյ Տարածքին մէջ Գտնուող Հայկական Հողերը Գնելու Համար


Վարդան Օսկանեանի «Անկախութեան ճանապարհով» գիքին մէջ նկարագրուած է մեծ բարերար Քըրք Գրգորեանի առաջին այցելութիւնը Հայաստան։ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Գրգորեանը հետաքրքրական հարցադրում կատարած է։

«…Աշխատանքային հանդիպումներէն բացի՝ Քըրքը քանի մը տեսարժան վայրեր այցելեց։ Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ Ցեղասպանութեան թանգարանի մուտքին մօտ, թանգարանի տնօրէն Լաւրենտի Բարսեղեան կը պատմէր, Քըրքը՝ կը լսէր։ Ես կանգնած էի քանի մը քայլ հեռու, լսեցի, որ Քըրք զիս կը կանչէ։ Ան կանգնած էր Արեւմտեան Հայաստանի փորագրուած մեծ քարտէսին առջեւ։ Շրջեցաւ իմ կողմս ու շատ անկեղծ հարցուց.«Որքա՞ն դրամ պէտք է այս հողերը գնելու համար»։ Ես պատասխանեցի տենչանքով.«Ատոր համար միայն դրամը բաւարար չէ, Քըրք»։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.