Դեսպան Հեֆըրն Սփիւռքահայերը Կը Խրախուսէ Ներդրում Կատարելու Հայաստանի Մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Տնտեսական իրաւունքներու համաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ դեսպանատունը պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ իրաւունքի լիակատար գերակայութեան հաստատման:
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու գերակայութիւնը կարեւոր են, քանի որ անոնք քաղաքական իրաւունքներ են, ժողովրդավարութիւնը կը ներկայացնեն, եւ ի վերջոյ անոնք ճիշդ քայլեր են, որոնք պէտք է առնուին։ Այս համաժողովին նպատակն է ցոյց տալ, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ունի նաեւ տնտեսական օգուտներ, կը նպաստէ տնտեսական աճին», յայտնած է դեսպանը։
Ըստ անոր՝ այն երկիրներուն մէջ, ուր իրաւունքի գերակայութիւնը առկայ է, բոլոր հաստատութիւնները հաշուետու են օրէնքին առջեւ, ուստի ատիկա կարեւոր նախապայման է, որ մարդիկ ու պետութիւնը ծաղկին ու բարգաւաճին: «Իրաւունքի գերակայութիւն վայելող երկիրներուն մէջ ցուցանիշները արագ կ՛աճին, մեծ քանակութեամբ օտար ներդրումներ կը ներգրաւուին: Ես ալ Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ կը խօսիմ եւ կը խրախուսեմ զանոնք, որ գան Հայաստան ու այստեղ աշխատատեղեր ստեղծեն, կատարեն փոխշահաւէտ ներդրումներ: Այդ գործարարները կը նշեն, որ իրենց համար անհրաժեշտ է կանխատեսելիութիւն, վստահութիւն, որ իրաւական դաշտը, կնքուող պայմանագիրները պիտի յարգուին ու գոյութիւն պիտի ունենան խաղի հաւասար պայմաններ տեղացի ու արտասահմանեան, մեծ ու փոքր ընկերութիւններուն համար եւ բոլորին հանդէպ վերաբերմունքը նոյնը պիտի ըլլայ», յայտնած է Հեֆըրն:
Այս իմաստով, դեսպանը մտահոգիչ նկատած է «Տուինկ պիզնես» զեկոյցին մէջ պայմանագիրներու գործադրութեան գծով Հայաստանի ցուցանիշը: «Իրականութեան մէջ կը պատահին դէպքեր, երբ անարդարացի լուծում կը տրուի դատարանին մէջ, եւ եթէ վատ պատմութիւն մը պատահի շատ լաւ պատմութիւններու մէջ, ատիկա արդէն վատ անդրադարձ կ՛ունենայ առեւտուրի միջավայրին վրայ», դիտել տուած է Հեֆըրն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.