Սպանիոյ մէջ 35-40 հազար հայեր կ՚ապրին


Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթին հետ կայացած հարազրոյցի մը ընթացքին, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի Հայրապետական Պատուիրակի Ընդհանուր Փոխանորդ Սասուն Վրդ.. Զմրուխտեան յայտնած է, որ ըստ Հայաստանի դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ 35-էն 40 հազար Հայեր կ՚ապրին։

Ան աւելցուցած է, որ հայերը հայերը ընդհանրապէս հաստատուած են Մատրիտի, Պարսելոնայի, Վալենսիայի մէջ: Հայ համայնքներ կան  նաեւ ծովափնեայ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Մալակա, Մարպելլա, կամ Անտալուզիա, Սեվիլլա, Կրանատա եւ այլուր։

Հայաստանէն արտագաղթած սպանահայերու մեծ մասը բանուորական կամ շինարարական աշխատանքով կը զբաղի։ Համայնքը տակաւին եկեղեցի չունի, սակայն ժամանակաւոր ծխական խորհուրդներ կը գործեն մեծ քաղաքներուն մէջ, ուր կը գործեն նաեւ հայկական կիրակնօրեայ վարժարաններ։

Սասուն Վրդ.. Զմրուխտեան հարցազրոյցյի աւարտին իր մտահոգութիւնը յայտնելով կ՛եզրակացնէ. «արտագաղթի պատճառով մեծաթիւ նոր Սփիւրք մը գոյացած է, որուն նկատմամբ ընդհանուր անտարբերութիւն մը կը տիրէ։ Յիշենք՝ Սերպիան, Փորթուկալը, Հոլանտան, ուր Հայաստանցիներէ կազմուած Նոր Սփիւրքը ցաք ու ցրիւ կերպով կը յարատեւէ։ Անոնց տէր պէտք է կանգնիլ, որոնք ի միջի այլոց վարժուած չեն համայնքային կեանքին եւ ամէն ոք իր գլխուն ճարին կը նայի»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.