«Հայաստանը Պէտք Է Փոխհատուցումը Պարտադրէ Թուրքիոյ», Կ՚ըսէ Արա Պապեան


«Նիուզ.ամ» կը հաղորդէ, որ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան Բանակցութեան երեւանեան կեդրոնի կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը առանց փոխհատուցման անընդունելի եւ անիմաստ է։

Ան հետեւեալ հարցումը առաջադրած է. փոխհատուցման համար անհրաժե՞շտ են արդեօք ճանաչումն ու դատապարտումը, եւ ճանաչման ու դատապարտման պարագային անոնց պիտի հետեւի՞ արդեօք փոխհատուցում։ «Ես հանդիպում ունեցած եմ տարբեր թուրք բարձրաստիճան գիտնականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, ովքեր կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն երբ խօսքը փոխհատուցման մասին է, յատկապէս տարածքային, անոնք կ՚ըսեն.«Մոռցէ՛ք այդ մասին», նշած է Արա Պապեանը։ Հետեւաբար, անոր համոզումով՝ չարժէր յոյսեր կապել, որ թրքական հասարակութիւնը կարելի է բերել այն գիտակցութեան, որպէսզի ան փոխհատուցում վճարէ։ Փոխհատուցման միակ ճանապարհը Թուրքիոյ հարկադրումն է։ «Հայաստանը ատիկա պէտք է կատարէ արդէն գոյութիւն ունեցող միջազգային պայմանագրերու միջոցով», աւելցուցած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.