Պուրսայի Մէջ «Ներողութիւն Եւ Անցեալի Հետ Հաշտեցում» Ցուցահանդէսը


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի արուեստի սրահներէն մէկուն մէջ, Դեկտեմբեր 10էն մինչեւ 2015ի Յունուար 25 տեղի պիտի ունենայ «Այլեւս երբե՛ք. Ներողութիւն եւ անցեալի հետ հաշտեցում» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Անիկա 2013ի Հոկտեմբեր 24ին կազմակերպուած էր Պոլսոյ մէջ, իսկ այս տարուան Մայիսին՝ Իզմիրի, Յունիսին՝ Տիգրանակերտի եւ Հոկտեմբերին՝ Սամսոնի մէջ, գրաւելով թէ՛ հանդիսատեսի եւ թէ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Աւելի ուշ, ցուցահանդէսը պիտի բացուի նաեւ Անգարայի մէջ:
Ցուցահանդէսը «Բաց հասարակութիւն» եւ «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկներուն համատեղ նախագիծն է:
Ցուցահանդէսին նպատակն է հետազօտել անցեալի հետ հաշտուելու եւ ներողութիւն խնդրելու փորձերը, ժողովրդավար մշակոյթ ստեղծելու հասարակութեան ջանքերուն ծիրէն ներս: Դիտարկելով աշխարհէն ութ դէպքեր՝ ցուցահանդէսը կ՛անդրադառնայ այն հարցին, թէ պետութիւնները ինչպէ՛ս կը հաշտուին անցեալին տեղի ունեցած իրաւունքներու խախտումներուն, կոտորածներուն, ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն հետ:
Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ երիտասարդական միութեան ղեկավար Չաղտաշ Ճոնկիզ, մասնակցելով Միւնիխի մէջ կազմակերպուած «Աթաթիւրքը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով համաժողովին՝ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ան վստահեցուցած է, թէ լրջօրէն կը պատրաստուին հակադարձելու Ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչնալ տալու հայկական գործողութիւններուն եւ ծրագրած են 2015ի Ապրիլ 23ին, Անգարայի մէջ ցոյց մը կազմակերպել՝ այդ նպատակով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.