Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Առիթով Լոյս Ընծայուած Պատմագիրքեր


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը ցարդ լոյս ընծայած է 7 հատոր պատմագիրքեր, որոնք յետ Ցեղասապանութեան Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ գաւառներու եւ քաղաքներու հայրենակցական միութիւններու կողմէ լոյս ընծայուած հաստափոր գիրքերու վերահրատարակութիւններն են։

Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին լոյս ընծայուած այս յուշամատեանները կ՛ընդգրկեն իրենց պատկանած քաղաքներու եւ շրջաններու պատմութիւնը, ընկերային-մշակութային կեանքը, տեղանունները, անձնանունները եւ այլն։
Ցարդ լոյս տեսած հատորներն են.
1. Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց (2 հատոր)
2. Ատանայի Հայոց Պատմութիւն
3. Պատմութիւն Տարօնի Աշխարհի
4. Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները
5. Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը
6. Պատմագիրք Կիւրինի
7. Յիշատակարան Ատանայի Աղէտի (3 հատոր)
Այս եւ հրատարակելի յաջորդ 2 հատորները՝ Վասպուրականի եւ Մարաշի յուշամատեանները, վստահ ենք մեր հայրենակիցներուն կողմէ մեծ ընդունելութեան պիտի արժանանան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.