ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍԱՍՈՒՆ


Մաս Ա.

Մարութայ սարի վրայ արձակուրդ

Ծերունին կ՚երգէ քրտական Կուլօ երգը։ Բարձր ու յստակ ձայնով կ՚երգէ երկար »ամման«ներ, որոնք անգամ մը եւս պատմուող հին ողբերգութեան մը համահունչ են։ Այդ ողբերգութիւնը կը վերաբերի Կիւլիզարի՝ երիտասարդ հայուհիի մը, որ քիւրտի մը կողմէ առեւանգուած էր եւ ամէն ջանք թափած է քրիստոնեայ մնալու համար։

Երգեցողութեան ներկայացումը, որ ողբերգութեան հերոսուհին պատուելու համար էր, ունկընդիրները քիչ մը ցնցեց։ Ներկաներէն ով կրնար երեւակայել լսել Գոմքի վերջին քահանայի շառաւիղներէն հայ գիւղացի մը, որ 125 տարի ետք իր մօր մեծ մօր անունը կու տայ։ Մանաւանդ այստեղ, Մարութա սարի լանջերուն, 2975 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող եւ ամբողջ Սասունին հսկող գագաթին այսքան մօտ։

Այդտեղ ի՞նչ ընելու գացած էինք. ուխտագնացութեան։ Խումբի երիցագոյն անդամին նախապէս Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին յղացած այս գաղափարը անակնկալի բերած էր սասունցի Պեսէն, որ երեք տարեկանէն ի վեր Պոլիս բնակող սասունցի մըն է։ Ըստ անոր, ամէն տարի յունիս ամսուան վերջաւորութեան, Վարդավառի տօնի առթիւ երեւութապէս իսլամ մարդիկ կը մագլցին լեռը հայկական հին մատուռին մէջ աղօթելու համար քրիստոնեաներու հետ։ Այդ իրողութիւնը մեծապէս հետաքրքրեց խմբակը, որ որոշեց այդ երեւոյթը տեսնել։ Էջք կատարեցինք Անատոլուի արեւելքը գտնուող Պաթմանի մէջ։ Գիւղին մէջ գտնուող պանդոկ մը գացինք եւ շուտով յունիսի գեղեցիկ մէկ առաւօտուն փոքր փոխադրակառքով մեկնեցանք դէպի Սասուն։

 

Սասուն գիւղաքաղաք

Ուխտագնացութեան ղեկավարի, առաջնորդի եւ թարգմանի դերը ձրիաբար ստանձնած Պեսէի կողքին մեզի հետ էր Պոլիսէն անոր հայ ընկերուհիներէն մէկը՝ Անին, որ միայն թրքերէն կը խօսի եւ 11 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէ իր ծննդավայրը եւ ընտանեկան պարտաւորութեան տակ է այցելելու իր երկու քոյրերուն, որոնք ոչ յստակ պայմաններու տակ ամուսնացած են իսլամներու հետ։ Մեզի հետ է նաեւ Հայաստանէն Սթելան, որ ACBA դրամատան մէջ աշխատող հողագործութեան ճարտարագէտ է եւ համացանցին վրայ դէպքին մասին լսելով մեզի միացած է Յունաստանէն, ուր կ՚անցնէր իր արձակուրդը։ Փոքր փոխադրակառքի ետեւը նստած են երկու քիւրտեր, որոնք պտոյտին կը մասնակցին։ Առաջինը՝ Պեհճեթ, դպրոցի ուսուցիչ եւ լուսանկարիչ է, որ մեծապէս հետաքրքրուած է Սասունի բնութեամբ ու մշակոյթով եւ անոր յատկացուած կայքէջ մը ունի sasun.org։ Երկրորդը՝ Հաքանը, որ անգլերէն կը խօսի, Պաթմանի քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնեայ է եւ երիտասարդ ձախակողմեան մըն է, որ յառաջդիմական գաղափարներ ունի։ Վերջապէս վարորդն է՝ մեծայարգ Իլհամի Մուխթար Իսմեթը՝ մուխթարը կամ իշխանութեան ընտրովի ներկայացուցիչը, որ պատասխանատու է նախակրթարանի կրթութեան, հասարակական առողջութեան եւ Սասունի վարչական գետնի վրայ Պաթման նահանգին, ուր տակաւին հայ քրիստոնեայ ընտանիքներ կ՚ապրին: Սասնոյ գիւղերէն Փիրչենքի մէջ հայ քրիստոնեայ ընտանիքներ կ՚ապրին։ Ան շրջանի այն բնակիչներէն է, որ հակառակ Մարտ 2013-ին հաստատուած զինադադարին մաս կը կազմէ 65 հազար հաշուող »գիւղի պահակներու«-ն, որոնց պարտականութիւնը Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ պայքարիլն է։

Սասուն գիւղին մէջ կարճ ժամանակով կանգ առնելէ ետք, հասաւ պահը մուտք գործելու առասպելական բարձրաւանդակը։ Կը մտածենք Սասունցի Դաւիթի մասին, 10-րդ դարու հայկական դիւցազներգութեան մասին, որուն դղեակը քիչ մը աւելի հեռու է, արծիւի մը բոյնէն վեր, »երկու աղբիւրներու խաչմերուկին« ճիշդ ինչպէս պատմութեան մէջ նշուած է։ Կը պատկերացնենք ֆետայիները, հնչակեան կամ դաշնակցական, մէկը միւսին կպած ձիւնին մէջ պաշտպանուելու համար բուգէն ։ Կը յիշենք այն պահը, երբ Սասնոյ տղամարդիկը, կիներն ու մանուկները, 1915-ին իրենց բարձրադիրք գիւղերէն դիտեցին Մշոյ դաշտին եկեղեցիներու հրկիզումը, որոնց մէջ հաւաքուած էր տեղւոյն բնակչութիւնը։ Այդ բնակչութենէն փոքրթիւ մը, ափ մը զինեալ կամաւորներու կողմէ առաջնորդուելով յաջողեցան միայն ազատիլ ջարդէն: 

Հետեւելով Սասուն գետի հունին, ճամբան կը հանդիպինք երկար ձորերու խառնիճաղանճի մը, որոնք իրարմէ անջատ են։ Քիչ մը բարձրանալով կը հասնինք կիրճերու՝ երբեմն անցնելով գիւղերու մօտէն, որոնց տուները մէկ կամ երկու յարկանի են, առաստաղը տափարակ։ Այստեղ եւ այնտեղ կ՚երեւի մզկիթի մը նորակառոյց մինարէն։ 

Վահէ Տէր Մինասեան

Ֆրանս Արմէնի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.