Համայի մէջ զոհուեցաւ հալէպահայ Յովսէփ Պչաքճեանը


Ուրբաթ, 28 նոյեմբեր 2014-ին, Համայի մէջ անարգ պայթումի պատճառով զոհուած 1957-ի ծնունդ հալէպահայ Յովսէփ Աւետիս Պչաքճեանի թաղմանական արարողութեան կարգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Պատուոյ սպայ Յովսէփ Պչաքճեանի դագաղը զինուորական շքերթով ուսամբարձ բերին եկեղեցւոյ դասը, ուր պատուի կեցած էին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:
Թաղմանական արարողութեան կարգին ներկայ էր սուրիական բանակի եւ հալէպի բարձրաստիճան սպաներ եւ աւագանին:
Թաղմանական արարողութեան կարգը հանդիսապետեց եւ կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան: Ապա հայերէն եւ արաբերէնով խօսք առաւ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան

Նշենք, թէ պատուոյ սպայ Յովսէփ Պչաքճեան փոքր տարիքէն անդամագրուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին, մաս կը կազմէր Հալէպի մասնաճիւղին՝ եղած է վարչական:

Perio News


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.