Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով՝ Չաւուշօղլու Կը Զգուշացնէ Ամերիկան


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ճան Պեսի հետ իր հանդիումին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու դեսպանին զգուշացուցած է, որ եթէ ամերիկեան օրէնսդիր մարմինները վաւերացնեն Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւեր, ապա երկու երկիրներու յարաբերութիւնները արմատականօրէն վերատեսութեան պիտի ենթարկուին։
Թրքական «Հապեր 7» լրատուական կայքին համաձայն՝ նախարարը աւելցուցած է, թէ նման բանաձեւեր բացասաբար պիտի ազդեն փոխյարաբերութիւններուն վրայ։
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, այս շաբաթասկիզբը տեղի ունեցած պետական ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին, Չաւուշօղլու յայտնած էր. «Թուրքիա կը շարունակէ աշխատանք տանիլ 2015ին ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ հայկական բանաձեւերու վաւերացումը կանխելու համար»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.