Շուէտի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն Կը Բացուի


ԵՐԵՒԱՆ.– Սթոքհոլմի պատմական Ազնուականութեան պալատին մէջ 24 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է Շուէտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Շուէտի կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, խորհրդարանի անդամներ, Սթոքհոլմի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, հասարակական գործիչներ, շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Շուէտի ռազմավարական զարգացման նախարար Քրիսթինա Փերսոնը:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան՝ անդրադառնալով հայ-շուէտական յարաբերութիւններու անցեալին եւ ներկային, ըսած է.
«Բարձրացնելով Հայաստանի դրօշը Շուէդիայի Թագաւորութեան մայրաքաղաքում՝ նշանաւորելու հայկական դեսպանութեան պաշտօնական բացումը, մենք արտայայտում ենք մեր ձգտումը՝ նոր մակարդակի բարձրացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները:
Չնայած այն հանգամանքին, որ հայ-շուէդական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուել են 22 տարի առաջ, կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որ մեր ժողովուրդները առնչուել են դեռ վաղ միջնադարից: 16-17 դարերում Արեւելքը Շուէդիային կապող առեւտրական ճանապարհը հայ վաճառականների ակտիւութեան շնորհիւ յաճախ կոչուել է «Հայկական ճանապարհ»: Շուէդիայի պատմութեան ընթացքում յայտնի են հայ ծագումով դիւանագէտներ, գիտնականներ:
Հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ է յիշում Ալմա Եոհանսոնի եւ շուէդացի այլ միսիոներների, որոնք օգնութեան ձեռք են մեկնել Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներին: Այս համատեքստում կը ցանկանայի եւս մէկ անգամ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Շուէդիայի խորհրդարանին՝ Ռիկսդագին, 2010թ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու համար»:
Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է նաեւ շուէտահայ համայնքի դերակատարութիւնը՝ որպէս Հայաստանը եւ Շուէտը իրարու կապող օղակ:
Դեսպանութեան բացման առիթով Ազնուականներու միութեան արխիւէն հանդիսութիւններու սրահին մէջ ցուցադրուած էին ծագումով հայ շուէտացի դիւանագէտ Իգնատիուս Մուրադջանեանին 1780ի ազնուականի տիտղոս շնորհելու Շուէտի արքայական հրովարտակը, ինչպէս նաեւ այլ պատմական փաստաթուղթեր:
Հանդիսութեան ընթացքին հայ եւ շուէտ հեղինակներու կատարումներով հանդէս եկած է հայ երաժիշտներու լարային քառեակը:
Բացի քաղաքական օրակարգէն՝ նախարար Նալբանդեանի Շուէտ այցելութիւնը կը ներառէր նաեւ տնտեսական բաղադրիչ: Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է դրամատնային, ուժանիւթի, բարձր արհեստագիտութեան, կապի, առողջապահական, պարէնի ոլորտները ներկայացնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուցած է ներդրումային կարելիութիւնները, կառավարութեան կողմէ իրականացուող տնտեսական զարգացման ծրագիրները: Շուէտական գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ իրենց ընկերութիւններուն կողմէ իրականացուող գործունէութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարային ծրագիրներուն: Քննարկուած են նաեւ հայ-շուէտական գործարար համաժողովներու, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական ոլորտի պատասխանատուներու փոխայցելութիւններու կազմակերպման կարելիութիւնները:
Նոյեմբեր 24ի երեկոյեան Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած է շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, ղարաբաղեան հիմնահարցի հանգուցալուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը, Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացը, Եւրոպական Միութիւն–Հայաստան համագործակցութիւնը, նաեւ պատասխանած է ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.