Հադրութի Մէջ Գորգագործական Արտադրամաս Բացուած Է


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Հադրութի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ այսուհետեւ նոր թափ պիտի ստանայ գորգագործութիւնը, ու գիւղացիները գիւղատնտեսութենէն ու անասնապահութենէն բացի կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ կարպետագործութեամբ գումար վաստկելու:
Ներկայ դրութեամբ արտադրամասը ունի 10 աշխատակից, սակայն զայն ընդարձակելու հեռանկարներ կան: Անիկա մեծթաղերցիները պիտի ապահովէ աշխատատեղերով եւ պիտի նպաստէ գիւղերու զարգացման:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Մեծ Թաղերի աւանդական գորգագործութիւն» ընկերութեան տնօրէն Գարիկ Ոսկանեանը շեշտեց, որ ժամանակին գիւղին մէջ գորգագործութիւնը շատ տարածուած էր, եւ մինչեւ 80ականները գործող արտադրամասը ունեցած է 60 հոգինոց կազմ, որուն գործած կարպետները մեծապէս պահանջուած էին Խորհրդային միութեան երկիրներուն կողմէ: «Այս պահին արտադրամասը համագործակցում է Ստեփանակերտում գործող «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան հետ: Իրականացւում ենք փոխադարձ այցելութիւններ, փորձի փոխանակում: Արտադրամասի աշխատակիցները ծանօթանում են գորգագործութեան արուեստին եւ ձեռք բերում հմտութիւններ», յայտնած է Ոսկանեան:
Արցախեան գորգերու նախկին համբաւի վերականգնումն ու գորգագործութեան խթանումը Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան օրակարգային խնդիրներէն է: Գործող «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, բացի մայրաքաղաքէն, մասնաճիւղեր ունի նաեւ Շուշիի եւ Մարտակերտի մէջ: Գորգագործութիւնը խթանելու նպատակով՝ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով ազգային վիճակախաղի տոմսի շահողներուն կը տրամադրուի ղարաբաղեան կարպետ՝ աւանդական զարդանախշերով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.