Աշոտ Դանիէլեան՝ Աշխարհի Սամպոյի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր
1391
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ճափոնի Նարիթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող սամպոյի կանանց եւ տղամարդոց աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու վերջին օրը՝ 23 Նոյեմբերին Հայաստանի հաւաքական խումբէն 82 քիլոկրամ ծանրութեան Աշոտ Դանիէլեան արժանացած է պրոնզէ մետալի։ Ան Լեռնային Ղարաբաղի սամպոյի եւ ճիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի աշակերտ է, իսկ անձնական մարզիչն է Էռնեստ Միրզոյեանը։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան պաշտօնական կայքը: