Ասկերանն Ու Պուք Պել Էրը՝ Բարեկամ Քաղաքներ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան Ֆրանսա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Պուք Պել Էրի քաղաքապետարանին մէջ 19 Նոյեմբերին ստորագրած է բարեկամութեան հռչակագիր՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան եւ Ֆրանսայի Պուք Պել Էր քաղաքներուն միջեւ։
Հռչակագիրը ողջունած է ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու առումով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն հետեւողական քայլերը եւ անընդունելի նկատած է Արցախի ժողովուրդին աշխարհէն մեկուսացումը։
Անոր նպատակն է ամրապնդել երկու քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերը եւ միացեալ համագործակցութիւն հաստատել կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ:
Ստորագրութեան արարողութեան աւարտին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Պուք Պել Էրի քաղաքապետ Ռիշար Մալիէ, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան եւ Մարսէյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխհիւպատոս Սամուէլ Լալայեան մասնակցած են Պուք Պել Էրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Արցախի Ձայներ» խումբի համերգին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.