Առաջին հայ կիները Էվերեստի ճամբուն վրայ


Երկրագունդի ամէնաբարձր կէտը՝ Էվերեստը, կը գտնուի Նեփալի եւ Չինաստանի սահմանին: Բարձրութիւնը 8844 մեթր է: Թիպեթի մէջ այն ընդունուած է անուանել Ջոմոլունգմա, որը թարգմանաբար կը նշանակէ «աստուածային»: Նեփալի մէջ ալ այն կը կոչեն Սագարմատխա, որը կը նշանակէ «Աստուածներու մայր»:

Լիւբա Պալեանը եւ Մարիամ Մարտիրոսեանը բարձրացան մինչեւ 5364 մեթր: Այդ բարձրութենէն վեր՝ Էվերեստը կրնան նուաճել միայն փրոֆեսիոնալ լեռնագնացները յատուկ սարքաւորումներով: 
Երկու հայաստանցիները իրենց տպաւորութիւններու մասին կը պատմեն  «ԷքոԼուր»ին:
«Ամէն ինչ սկսաւ լուսանկարէ մը, որը ես տեսայ ինթերնեթային կայքերէն մէկուն մէջ: Այդ նկարին մէջ պատկերուած էր չքնաղ տեսարանով Հիմալայան փոքր գիւղ մը, որը անգլիացի լուսանկարիչ մը պատկերահանած էր իր արշաւներէն մէկուն ընթացքին: Երբ որ փնտռեցի, հասկցայ, որ այդ վայրը կը կոչուէր Նամչեբազար, որ կը գտնուի 3500 մեթր բարձրութեան վրայ, եւ հոն յայտնուելու համար պէտք է երթալ ու հասնիլ Էվերեստի ճամբարը: Այդ նկարը այնքան գրաւիչ էր՝ որ որոշեցի երթալ հոն»,- ըսաւ Լիւբա Պալեանը:
«Ամէնադժուար պահը, ինծի համար Քաթմանդուէն Լուկլա թռիչքն էր: Ինչո՞ւ  դժուար էր՝ որովհետեւ Լուկլայի օդանաւակայանը կը համարուի աշխարհի ամենավտանգաւոր օդանաւակայանը: Պատմեմ օդանաւակայանի մասին, թէ ինչու վտանգաւոր է. այն կը գտնուի Լուկլայի մէջ՝ 2800 մեթր բարձրութեան վրայ, ընդամէնը ունի 20 մեթր լայնութիւն եւ 460 մեթր երկարութիւն՝ ինքնաթիռի լիարժէք վազքը կատարելու համար: Նաեւ ունի 12 աստիճան կորութիւն, որպէսզի վայրէջք կատարելու ատեն ինքնաթիռը հասնի ժամանակին դանդաղեցնել: Բայց խնդիրը նաեւ այն է, որ օդանաւակայանի մէկ կողմը 700 մեթր խորութեամբ անդունդ է, իսկ դիմացը՝ ժայռեր: Ու քանի որ եղանակային տեսանելիութիւնը շատ ցած կ’ըլլայ, շատ անգամ կը հաւասարի զերոյի, օդաչուները ստիպուած կը թռչին 200-300 մեթր բարձրութեան վրայ, շատ ցած՝ փորձելով շրջանցել տարբեր լեռնային զանգուածներ, ժայռեր, որպէսզի ժամանակին տեսնեն այդ փոքր թաթի չափ Լուկլայի թռիչքուղին: Ժայռին վրայ ալ, իդէպ, գրուած էր «Բարի գալուստ», որը մենք համարեցինք որպէս սեւ հիւմորի տարբերակ»:
«Շերպանները բեռնակիրներ են: Շերպանները Թիպեթի մէջ նեփալական փոքր էթնիկական խումբ են: Ուղղակի ապշեցուցիչ էր այն, թէ ինչ քանակութեան, ինչ ծանրութեան, ինչ քիլոկրամներու բեռներ կը կրէին այդ մարդիկ… պարզապէս երկու ճամպրուկ իրար հետ միացնելով՝ ինքն ուղղակի վերցուց 60-70 քկ չափով իրերը շալակը եւ 3000 մեթրէ մինչեւ վերջ՝ 5000 մեթր ամբողջութեամբ, հանեց վերեւ՝ առանց ունենալու համապատասխան կօշիկներ՝ ձիւնի, սառոյցի, կարկուտի վրայով անցնելով։
Ես նոյնիսկ կը տեսնէի, որ շերպաները շինանիւթ կը հանեն՝ դուռ, պատուհան, ամէն ինչ, ինչ-որ հնարաւոր է,  ընդ որում՝ երբ չորս կողմը անտառ է: Ամենաառաջին հարցը, որ իմ մէջ ծագեցաւ հայկական մտածելակերպի համաձայն՝ ինչո՞ւ ես պիտի տանեմ շինանիւթը, երբ կարելի է շրջակայքին մէջ ծառ կտրել: Ես նոյնիսկ մէկ անգամ չտեսայ, որ ինչ-որ մէկը մէկ հատ ծառ կամ ծառի կեղեւ հետը տանի: Ամէն ինչը, որքան անհրաժեշտ էր մարդոց ապրուստի համար, կը հանուէր մարդոց մէջքին վրայ: Նոյնիսկ եթէ կը փորձէինք որեւէ աղբ նետել, ուղեկցողը շատ խիստ զգուշացնելով, ըսաւ, որ ոչ մէկ ձեւով կարելի չէ, քանի որ ատիկա մեր կրօնքին հակառակ է: Մենք կը փորձենք այդ բնութիւնը պահպանել ոչ միայն մեզ համար, այլեւ մեր սերունդներուն համար: Ինչպէս որ իրերը կը բարձրացնէին 3000 մեթրէ վեր, նոյն ձեւով աղբը տարբեր բարձրութիւններէ կþիջեցնէին վար: Մեզ մօտ չկայ խնայելու այդ գաղափարը, այն, ինչ-որ ես նկատեցի նեփալցիներուն մօտ: Պէտք է գիտակցիլ, որ եթէ դուն կþօգտուիս քու անտառէն, կþօգտուիս ջրային պաշարներէ, պէտք է ընել այնպէս, որ բնութիւնը նաեւ հասնի վերականգնիլ ու կարողանայ տալ այդ տուրքը քեզ, որմէ դուն կþօգտուիս:
Նեփալցիները շատ բարի, հիւրասէր, հիւրընկալ մարդիկ էին եւ զբօսաշրջիկներուն մեծ յարգանքով կը վերաբերէին: Յատկապէս՝ Հայաստանէն: Քանի որ առաջին անգամ կը տեսնէին հայ մարդ, լուրը միանգամէն տարածուեցաւ, որ Հայաստանէն երկու աղջիկ կան: Ատիկա գրաւեց անոնց ուշադրութիւնը, որովհետեւ այդ երկրի անունը երբեք չէր հնչած իրենց մօտ: Բոլորին հետաքրքիր էր, թէ ինչ երկիր է, ինչ մարդիկ են: Ու Մարիամը կը քարոզէր թէ Հայաստանը իրեն համար փոքր Հիմալայներ է, որ կը գտնուի Կովկասի մէջ: Ու կþըսէր որ եթէ դուք կþուզէք տեսնել փոքր Հիմալայներ, եկէք Հայոց լեռնաշխարհը տեսնելու: Ինձ կը թուի թէ յաջողեցաւ, որովհետեւ առնուազն 10 հոգի խոստացան, որ պիտի գան Հայաստան այն բացայայտելու համար…»:
«Ամբողջ ճամբորդութիւնը, ամբողջ արշաւը ընդհանուր գեղեցկութիւն մըն էր: Նոյնիսկ ռիսքերէն մէկը՝ լեռնային հիւանդութիւնը, որու մասին մեզ անընդհատ կը զգուշացնէին, մեր վրայ չազդեց: Ես, օրինակ, շատ լաւ կը զգայի: Բարձրացանք 5364 մեթր, բայց ինծի կը թուէր, որ մենք 5 ու կէս հազար բարձրացած ենք, որովհետեւ այդ կէտին հասնելու համար առնուազն մի քանի լեռնանցքներ անցանք, որը դիրքով շատ աւելի բարձր է: Հրաշքներէն կարելի է նշել, որ ետ գալու ճանապարհին, երբ կը փորձէի վայրի թռչուն նկարել, աջ կողմէն ահռելի ձայն լսուեցաւ, երբ որ հասկցայ, որ ձիւնակոյտ մը կը թափուէր…»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.