Տերսիմի ջարդերու ոգեկոչման հաւաք Իսթանպուլի մէջ


1938 թուականին Տէրսիմի մէջ պատահած ջարդը ու կատարուած սպանդներն ու տրուած մահապատիժները սկսած են յաճախակի կերպով օրակարգի գալ, հակառակ որ տասնամեակներ շարունակ լռութիւն պահուեցաւ այս մասին։ Հարցը անցեալ օր կրկին արծարծուեցաւ, երբ Թուրքիոյ Հանրապետական կուսակցութեան փոխ-կուսակցապետ Սէզկին Թանրըքուլու հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց Տէրսիմի պատահարներուն համար։ Անոր այս մերձեցումը պառակտում յառաջացուց կուսակցութենէն ներս, նոյն կուսակցութենէն Ալի Րըզա Էօզթիւրքն ալ ըսաւ. «Ես ներողութիւն եւայլն չեմ խնդրեր, լաւ որ զարկեր ենք»։

Տէմօքրաթ Հապէր լրատու էջի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ որ Կալաթասարայի Լիսէի առջեւի հրապարակին վրայ հանրահաւաք մը կազմակերպուեցաւ Տէրսիմի սպանդներու ընթացքին մահապատիժի ենթարկուած  Շէյխ Սէյիտ Րըզայի ու ընկերներուն սպաննուելու 77րդ տարելիցին առիթով։ Հանրահաւաքի ընթացքին ճառախօսները պնդեցին որ Տէրսիմի պատահարներու կապակցութեամբ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, պէտք է անհրաժեշտը կատարուի ու պէտք է բացուին արխիւները։

Հանրահաւաքին մասնակից բազմաթիւ միութիւններու կարգին էր Տէրցիմցի Հայերու Միութիւնը։ Ցուցարարները մոմեր վառեցին սպաննուածներու հոգւոյն համար եւ բացին վերտառութիւններ որոնց վրայ գրուած էր որ պիտի պահանջեն 1937 եւ 1938 թուականներու Տէրսիմի սպանդին հաշիւը։ Ցուցարարները բացին Շէյխ Սէյիտ Րըզային դիմանկարը, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանուածներուն նկարները։ Զազաներու լեզուով երգեր երգուեցան ու ականատեսներու վկայութիւններ կարդացուեցան։ 

Տէրսիմի Միութիւններու անունով բացատրութիւններ տուաւ Հաթուն Էսէն որ յիշեցուց, թէ Սէյիտ Րըզային ու մահապատիժի ենթարկուած անոր միւս ընկերներուն թաղուած տեղերն ալ գաղտնի պահուեցան, այդ տեղերը յայտնի չեն։ Էսէն խօսքը ուղղելով Անգարայի իշխանութիւններուն ըսաւ. «Եթէ անկեղծօրէն ներողութիւն պիտի խնդրէք, եթէ ձեր նպատակը կեղծիք ու խաբէութիւն չէ, ուրեմն հրապարակեցէք թէ ուր կը ննջեն առանց պատանքի թաղուածները։ Բացէք արխիւները, ըրէք ինչ որ անհրաժեշտ է որպէսզի այս հողերուն վրայ անգամ մըն ալ ցեղասպանութիւն չգործադրուի»։

Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:

1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։

Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.