ԼՂՀ ՊԲ Զինուորները Տակաւին Չեն Կրնար Մօտենալ Հարուած Ստացած Ուղղաթիռին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակն այս պահի դրութեամբ դեռ չի կարողանում մօտենալ Նոյեմբերի 12ին, ղարաբաղա-ադրբեջանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքի չէզոք գօտում ադրբեջանական Զինուած ուժերի կողմից խոցուած ուղղաթիռին եւ դեռ յայտնի չէ անձնակազմի ճակատագիրը»: 13 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ քանի մը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Անոր համաձայն՝ տեսագրութեան մէջ ալ յստակ կ՛երեւի, որ ուղղաթիռը սահմանը չէ խախտած, ինկած է չէզոք գօտիին մէջ եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը արդէն դիմած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ միջազգային շարք մը այլ կազմակերպութիւններու, որպէսզի անոնց աջակցութեամբ կարենան մօտենալ տարածքին:
«Երէկ խոցուած ուղղաթիռի դէպքից յետոյ առ այս պահը ադրբեջանական կողմը խախտում է հրադադարը եւ թոյլ չի տալիս մեզ մօտենալ տարածքին: Այս դէպքը որեւէ կերպ չի ազդել «Միասնութիւն-2014» զօրավարժութիւնների ընթացքի վրայ, եւ այն շարունակուելու է: Դրա վառ ապացոյցը լրագրողների ներկայութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղում», ընդգծած է Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ 14 Նոյեմբերին զօրավարժութիւններու փակումը տեղի պիտի ունենայ Աղդամի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի նախագահներուն ներկայութեամբ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.