Ալիեւի Հրաժարականը Կը Պահանջուի


ՊԱՔՈՒ.- «Քոնթաքթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընդդիմադիր Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդ կազմակերպութեան Նոյեմբեր 9ի հանրահաւաքին ընթացքին, նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաժարականը պահանջող կոչեր հնչած են:
Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի հանրահաւաքը պատմական որակած է: «Այս պահուս երկրին մէջ կ՛իշխէ չարը: Սովորաբար, այսպիսի վարչակարգեր կը լռեցնեն ժողովուրդին ձայնը: Սակայն Ատրպէյճանի մէջ, հակառակ ճնշումներուն, ժողովուրդը հրապարակ դուրս եկած է եւ կը բողոքէ չարին դէմ», ըսած է Քերիմլի:
Ան նշած է, որ իշխանութիւնները ճնշումներու միջոցով կը փորձեն հանրութեան ստիպել լռել, սակայն ատիկա չի յաջողիր՝ հակառակ գործիչներու, լրագրողներու եւ մտաւորականներու ձերբակալութիւններուն:
Ցոյցին ընթացքին պաստառներ պարզուած են Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրին միանալու, ընտրական օրէնսգիրքը փոխելու եւ քաղաքական ճնշումներուն վերջ տալու պահանջներով:
Ցոյցի կազմակերպիչներուն հաւաստումով՝ հանրահաւաքին մասնակցած է շուրջ 7000 հոգի:
Հանրահաւաքի աւարտին, բանաձեւ մը որդեգրուած է հետեւեալ պահանջներով՝ ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները, դադրեցնել ճնշումները կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու դէմ, ընտրական բարեփոխում կատարել, փոխել ընտրական յանձնախումբի կազմը, արագացնել Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթը եւ արդիւնաւէտօրէն օգտագործել քարիւղի պաշարները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.