Ակոռիի Հայկական Հին Գերեզմանատունը Կը Քանդուի


 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրիմիըն».- Իկտիրի մօտ գտնուող Ակոռի գիւղի հայկական գերեզմանատունը, գանձ որոնողներու ուշադրութեան առարկայ դառնալով՝ քանդուած է, իսկ ննջեցեալներու ոսկորները այս ու այն կողմ թափուած են. այս մասին կը տեղեկացնէ «Տիչլէ» լրատուական գործակալութիւնը:
1800ական թուականներուն տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով այս գիւղը աւերակներու տակ մնացած է, իսկ աւելի ուշ փլատակներու վրայ նոր գիւղ կառուցուած էր եւ վերանուանուած է Ենի Տողան:
Արարատի փէշերուն գտնուող գիւղը՝ պատմական Ակոռին, հայերու ամենահին բնակավայրերէն մէկը կը համարուի:
Քրտաբնակ այս գիւղի բնակիչները չեն հասկնար, թէ գերեզմանատունը ինչո՛ւ վերահսկողութեան տակ չի վերցուիր. անոնք փափաք յայտնած են, որ պետութիւնը տէր կանգնի հարիւրաւոր տարիներ առաջ այս հողերուն վրայ ապրածներու պատմութեան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.