Հայ Եւ Թուրք Լրագրողներ Մերձեցման Գետին Կը Փնտռեն


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս տարի, չորրորդ անգամն ըլլալով է, որ կը կազմակերպուի «Լրագրողներու հանրաշարժի շրջապտոյտ»ը, Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն լրագրողներու մասնակցութեամբ։ Հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն կայացած այս շրջապտոյտին նպատակն էր երկու երկիրներու ժողովուրդները մտերմացնել իրարու հետ եւ իրարու միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութիւնները լուծել ջանալ։ Երկու երկիրներու լրագրողներուն ալ հասարակաց կարծիքն այն է, որ ժողովուրդներուն միջեւ հարցերը լուծում կրնան գտնել փոխադարձ շփումներով։
«Լրագրողներու հանրաշարժի շրջապտոյտ»ի յայտագիրին մաս կը կազմէին ութ կազմակերպութիւններ, Հայաստանէն՝ «Սիվիլիթաս», Եւրասիական գործընկերութեան հիմնարկը, Հանրային լրագրողական ակումբը ու Շրջանային ուսումնասիրական կեդրոնը, իսկ Թուրքիայէն՝ «Անատոլու Քիւլթիւր»ը, Թուրքիոյ տնտեսական քաղաքականութեան պր-պտումի հիմնարկը, Հելսինքիի հայրենակցական միութիւնը եւ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը։ Հայ եւ թուրք լրագրողները Պոլսոյ մէջ այցելեցին «Ակօս»ի խմբագրատունը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնը։ Անոնք հարցազրոյցներ ըրին ակադեմականներու, գործարարներու եւ ժողովուրդին հետ, իսկ աւարտին՝ Վրաստանի վրայով Հայաստան անցան նմանօրինակ ծրագիրներ գործադրելով եւ շփումներ ունենալով ժողովուրդին հետ։
Յայտագիրի այս տարուան կազմակերպիչն էր Հայաստանի Եւրասիական գործընկերութեան հիմնարկէն Վազգէն Կարապետեան, որ յայտնեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ դնելու համար, ժողովուրդները պէտք է մօտեցնել իրարու եւ ատոր համար ալ պէտք է շուտով բանալ սահմանները։ Կարապետեան յայտնեց, որ նախկին տարիներուն բաղդատմամբ, Թուրքիոյ մէջ 1915ի դէպքերուն մասին նկատելի է ընդհանուր մեղմացում մը, որուն օրինակն է Էրտողանի ցաւակցական պատգամը։ Նոյն հիմնարկի անդամներէն Մարինա Այվազեան, յիշեցնելով, որ Ապրիլ 24, 2015ին համայն աշխարհի մէջ պիտի յիշատակուին Ցեղասպանութեան զոհերը՝ յոյս յայտնեց, որ յիշատակութեան այս ձեռնարկները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բնականոն կապեր հաստատելու ուղղուած ջանքերուն վնաս չեն պատճառեր։ Այվազեան յիշեցուց, որ այս նիւթին կապակցութեամբ բաց են հայկական արխիւները, միւս կողմէ, կը սպասուի, որ թրքական կողմն ալ այս ուղղութեամբ աւելի գործօն քայլեր առնէ։ Լրագրող Դաւիթ Վարդազարեան յայտնեց, որ հայերու համար Ցեղասպանութեան հարցը ազգային հարց մը ըլլալէ դուրս ելած եւ հոգեբանական հարց մը եղած է, իսկ Գայիանէ Արուսթամեան յայտնեց իր անհանգստութիւնը՝ տեսնելով, որ Հայաստան, տնտեսական տեսակէտէ, հետզհետէ ենթակայ կը դառնայ Ռուսիոյ։ Ան ըսաւ, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է սահմաններու բացումը եւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական կապերու հաստատումը։ Ըստ անոր՝ Էրտողանի ցաւակցական պատգամը հայ ժողովուրդը երկուքի բաժնած է, որովհետեւ որոշ անհատներ ցաւակցութեան այս ձեւը ընդունեցին որպէս դրական զարգացում, իսկ ոմանք այդ պատգամը մեկնաբանեցին որպէս ուրացման քաղաքականութեան տարբեր մէկ արտայայտութիւն։
Շրջապտոյտին մասնակցող 21 լրագրողները երկար ճամբորդութիւն մը ըրին, այցելեցին Իզմիր, Տենիզլի, Ֆեթհիյէ, Անթալիա, Ատանա, Կապադովկիա եւ Անգարա։ Ապա սկսաւ ամէնէն հետաքրքրական մասը՝ Հայաստանի մէջ։ Թուրք լրագրողները որեւէ ժխտական վերաբերում չեն տեսած իրենց թուրք ըլլալուն պատճառով։ Լրագրողները Երեւան անցան Թիֆլիսի վրայով։ Անոնց առաջին տեսածը Արարատն էր, որ կը բարձրանար ամբողջ վեհափառութեամբ։ Հանրապետական հրապարակը՝ թանգարաններ, նախարարութիւններ… շատ բան հաւաքուած էր այս հրապարակին վրայ։ Հայաստանի մէջ կար միակ մզկիթ մը, որ իրանցի շիիներուն կողմէ կառուցուած է եւ անոնց ծառայութիւն կը մատուցանէ։ Լրագրողները բարեկամութիւններ կը ստեղծէին՝ տեսնելով, որ առօրեայ ապրումներու մէջ երկու ազգերը որքա՛ն իրարու կը նմանէին։ Ճաշերը, երաժշտութիւնները, ժողովրդական խաղերը, ամէն ինչ այնքան իրարու կը նմանէր, որ կը կարծէին, թէ Թուրքիա կը գտնուին։ Թուրք լրագրողները հայերէն երգերուն հետ մտերմացան, մանաւանդ երբ լսեցին «Սարը Կելին» երգը։
Լրագրողներու օրակարգին վրայ էին Ցեղասպանութիւնն ու սահմանադուռը բանալու հարցը։ Հայ լրագրողները շարունակ կը յիշեցնէին, որ քսան տարուան դիւանագիտութիւնը չկրցաւ յաջողութիւն մը իրականացնել։ Թուրք լրագրողները կը տեսնէին, թէ իրենց հայ պաշտօնակիցները միշտ նոյնը կ՛ակնկալէին, այսինքն՝ Արցախը «գրաւող» Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանադռներու բացումը։ «Ռատիօ Վան»ի լրագրող Լուսինէ Պատալեան կը պատմէր, որ Թուրքիա կը շարունակէր գործադրել ժխտումի քաղաքականութիւնը, ու այս պատճառաւ ալ յարաբերութիւնները անելի մատնուած էին, բայց իրենք բազմաթիւ թուրքերու հետ բարեկամութիւններ ունին։ Անոր համաձայն՝ մամուլը պարտականութիւն ունի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործին մէջ ու այդ կերպով պիտի դիւրանայ սահմանադրան բացումը։
«Հայկական Ժամանակ» թերթի թղթակից Թագուհի Յովհաննէսեան եւս կրկնեց, որ յարաբերութիւնները խանգարուած են Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի հետեւանքով։ Ուրիշ հայ լրագրողներ ալ ընդգծեցին, որ ատելավառ խօսակցութիւնները պէտք է մէկդի դրուին, եւ Հայաստան պատրաստ է քայլեր առնելու, որպէսզի բարելաւուին յարաբերութիւնները։
Թուրք լրագրողներ վերադարձան հարուստ տպաւորութիւններով ու յայտնեցին, թէ իրենք եւս ըսելիք շատ բան պիտի ունենան այս կապակցութեամբ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.