Աննախընթաց որոշում – Տինքի գործով դատավարութիւնը պիտի սկսի զերոյէն


Պոլսոյ ծանր յանցանքներու 5-րդ դատարանը որոշում տուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսելու զերոյէն:

Թրքական «Սապահ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ դատարանը նկատի առած է վճռաբեկ ատեանի որոշման բովանդակութիւնը՝ վճռելով Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալները եւ դատապարտուածները նոր դատավարութեամբ դատել:

Նախկինին համեմատ, այս անգամ բոլորին մեղադրանք պիտի ներկայացուի «յանցանք կատարելու համար յանցագործ խումբ ստեղծելու, կառավարելու, կամ այդ խումբին անդամ ըլլալու» մեղադրանքներով: Նախկինին մէջ ասիկա չկար, բան մը, որ մեղմացուցած էր մեղադրեալներուն տրուած պատիժի չափերը:
Բացի ատկէ, օրեր առաջ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վճռած է դատական գործեր յարուցել ընդդէմ Տինքի սպանութեան ժամանակ կարեւոր պաշտօններ ստանձնած 9 պե-տական պաշտօնատարներու, որոնց շարքին են Պոլսոյ նահանգային նախկին ոստիկանապետ Ճելալէթթին Ճերրահ, հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Ահմեթ Իլհան Կիւլեր, Պոլսոյ նահանգապետի նախկին տեղակալ Էրկիւն Կիւնկէօր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.