Լոս անճէլըսի մէջ հայ աշակերտներուն պիտի արտօնուի 24 Ապրիլին բացակայիլ դասերէն


Արմէնփրէս լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ Լոս Անճէլըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշում մը ընդունեց այն մասին, որ հայ աշակերտներուն արտօնութիւն տրուի 24 Ապրիլին բացակայիլ ուսումնական հաստատութիւններու դասերէն։ Այս առաջարկը ներկայացուց վարչութեան անդամ Մոնիքա Ռէթլիֆ։ Իր խօսքերով իրենք յաճախ բողոքներ կը ստանան հայ աշակերտներէն ու ծնողներէն, երբ հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը բացակայելու համար աշակերտներու դէմ պատիժներ կը սահմանուին։

«Որպէս ուսուցիչ ես գիտեմ թէ որքան կարեւոր է որ իւրաքանչիւր աշակերտ ամէն օր ներկայ գտնուի դասերուն։ Սակայն միաժամանակ պէտք է գիտակցինք որ կան ոգեկոչումներ, որոնք նոյնքան կարեւոր են աշակերտի համար եւ ծնողներու որոշումները պէտք չէ անտեսուին Լոս Անճէլըսի միացեալ կրթաշրջանի կողմէ», ըսաւ Ռէթլիֆ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.