Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը պարգեւատրուի՝ «Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշան»ով


Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Հիւսիսային Ամերիկա իր այցելութիւններուն ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2014ին, ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Օշական Արք. Չոլոյեանի ընկերակցութեամբ, Պոսթոնի մէջ այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական գրասենեակը, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի վարչութեան անդամներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիահայ համայնքը յուզող հարցերը: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան մարդասիրական գործունէութիւնը Սուրիոյ տարածքէն ներս, որ կ՛իրականանայ ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներուն եւ համակիրներուն ճիգերով:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք՝ Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Ուոթըրթաունի Լէօլա Սասունի եւ Գամպրիճի Շուշի մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ: Սրբազան Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքներուն, նշելով, թէ ՀՕՄը եղաւ առաջին կազմակերպութիւնը, որ տագնապի սկզբնական օրերէն իսկ, կարողացաւ հասնիլ Սուրիահայ համայնքի կարիքներուն, ըլլան անոնք կրթական, ընկերային, թէ՛ առողջապահական:

Սրբազան Հայրը՝ առ ի երախտագիտութիւն ՀՕՄի կողմէ Սուրիահայութեան յատկացուած անմիջական օժանդակութիւններուն, Հայ Օգնութեան Միութեան շնորհեց «Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշան»ը:

Ի պատիւ Հայ Օգնութեան Միութեան համահայկական ընտանիքին նուիրեալ եւ աննկուն աշխատանքին, ՀՕՄի կառոյցը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին, կարողացաւ թիկունք կանգնիլ Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Հարկ է նշել, թէ ՀՕՄի կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւններու ծրագիրներուն ընդմէջէն, մինչ օրս, Միութիւնս կէս միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուցած է Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն իրագործման նպատակով: Այս առթիւ, Կեդրոնական վարչութիւնը, իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄի բոլոր միաւորներուն, անդամներուն եւ համակիրներուն, որոնց աջակցութեամբ կազմակերպութեանս նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ կը գործադրուին:

Այս առթիւ, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան կը նշէ. «Բերիոյ Հայոց Թեմի կողմէ ՀՕՄին պարգեւատրուած այս շքանշանը, արդիւնքն է Միութեանս միասնական եւ համատեղ աշխատանքին: Կը վստահեցնենք, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատէն, որ Սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները մեր Միութեանը կարիքը կը զգան այս ծանր օրերուն: Կեդրոնական վարչութիւնը նոր թափով պիտի շարունակէ մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու իրագործումը՝ ի շահ Սուրիահայ համայնքին գոյատեւմանը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.