ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներու հետ


 Հոկտեմբերի 28-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութիւնը և մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը» խորագրով դասախօսութիւն մը ներկայացուց Օթթաուայի Քարլթըն համալսարանին մէջ, որու ընթացքին ներկայացուց ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայ փուլը, ինչպէս նաև անդրադարձաւ անկախութեան տարիներուն ընթացքին ԼՂՀ ունեցած ձեռքբերումներուն և մարտահրաւէրներուն:

Հոկտեմբերի 29-ին Կարէն Միրզոյեանը Գանատայի խորհրդարանին մէջ հանդիպեցաւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան անդամներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին ԼՂՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացրուցած է ԼՂՀ պետականաշինութեան և Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացները, ինչպէս նաև ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայ փուլը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.