ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի ներկայացուցիչներուն հետ


Աշխատանքային այցով Գանատա կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը։

Հոկտեմբեր 30-ին, պրն. Միրզոյեան այցելեց Գանատայի Ազգային Առաջնորդարան եւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական։ Ապա ան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, որմէ ետք յատուկ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Նախարարին կ՚ընկերակցէին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան եւ  Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։

Հանդիպման ընէթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան զեկուցեց Արցախի զօրակցութեան գծով Գանատայի տարածքին կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Նախարար Միրզոյեան յատկապէս գնահատեց Արցախի պետականութեան ամրապնդման գծով աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերու կատարած աշխատանքը։ Դեսպան Եգանեան իր կարգին հաստատեց, թէ Օթթաուայի մէջ գործող Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը մեծ ներդրում ունի Արցախի հարցը գանատական քաղաքական շրջանակներուն մօտ ծանօթացնելու գծով։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէներու ներկայացուցիչները։

Նշենք, որ Հոկտեմբերի 26-ին Կարէն Միրզոյեանը մասնակցեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տարեկան հաւաքին որպէս գլխաւոր բանախօս։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.