Հայաստանի Մօտ Գերմանիոյ Դեսպանը Թուրքիայէն Ներողութիւն Կ՛ակնկալէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի դեսպան Քեթրին Լիչ եւ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորել յառաջիկայ տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ Թուրքիայէն քայլի մը կը սպասեն եւ կ՛ակնկալեն, որ անիկա ներողութիւն հայցէ։ Անոնք կոչ ուղղեցին երկու երկիրներուն՝ յաղթահարելու վաղեմի թշնամութիւնները եւ հաշտեցման եզրեր փնտռելու։
29 Հոկտեմբերին՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմի հարիւրամեակին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին դեսպանները նշեցին, որ մինչեւ 5 Դեկտեմբեր մտադիր են հանդէս գալ 1914 թուականի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած միացեալ նախաձեռնութիւններու ծրագիրով:
«Այս միջոցառումներու շարքով առաջին հերթին կ՛ուզենք ոգեկոչել Համաշխարհային Ա. պատերազմի զոհերուն յիշատակը, բայց ասիկա նաեւ կարելիութիւն է յաղթահարելու վաղեմի թշնամութիւնները: Պէտք է ներողութիւն հայցել եւ հաշտեցման եզրեր փնտռել, մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն պիտի մտածէ այս հարցին մասին», յայտնեց Ռայնըր Մորել:
Դեսպան Քեթրին Լիչ իր կարգին, նշեց, որ վերջին եօթանասուն տարիներուն Եւրոպայի մէջ մեծ ջանքեր ի գործ դրուած են հաշտեցման ուղղութեամբ եւ յոյս յայտնեց, որ 2015ին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ քայլ մը կ՛առնուի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.