Ուու Շուի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մարզիկները Տիրացան 1 Ոսկի Եւ 1 Պրոնզ Մետալի


1028_avedis11028_avedis հաղորդած էինք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը մեկնեցաւ Չինաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ուու շուի աշխարհի 6-րդ ախոյեանութեան:

Շի Ժուէն երէկ հասած տեղեկութիւններէն կ՛իմանանք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի առաջին ոսկի մետալը ապահովողը հանդիսացաւ Պարպարա Ռասի: Անոր դասակարգին մէջ էին 6 մասնակցողներ: Ան այսօր եւս ներկայացում ունի կատարելիք:

Սեւան Սերոբեան իր դասակարգին մէջ (12 մասնակցող) տիրացաւ պրոնզ մետալին: Ասիկա անոր համար կը նկատուի կարեւոր իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ ան առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան: Ան այսօր եւս ներկայացում ունի կատարելիք:

Թէեւ Աւօ Մանճեան բաւական լաւ ներկայացում ունեցաւ, սակայն չկրցաւ որեւէ մետալի տիրանալ` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ դասակարգեր իրարու խառնուած էին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Աւետիս Սերոբեանին, ան թէեւ փափաքեցաւ մրցումներուն մասնակցիլ, սակայն նկատի ունենալով, որ իբրեւ մարզիչ արձանագրած էր իր անունը, չկրցաւ անոնց մասնակցիլ:

Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները, այսօ՛ր եւս մետալներու տիրանան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.