Հայաստանի Մէջ Պիտի Հիմնուի Արեւմտահայերէնի Ուսուցման Կեդրոն


ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոն, պիտի հրատարակուին արեւմտահայերէնի ուսուցողական նիւթեր, Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայագիտական նիւթերու հետեւող սփիւռքահայ ուսանողներուն պիտի տրամադրուին կրթաթոշակներ։ 28 Հոկտեմբերին այս առնչութեամբ համապատասխան յուշագիր ստորագրուած է Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին միջեւ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ը արդիւնաւէտ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Մատենադարանի, Գիտութիւններու ակադեմիոյ եւ Երեւանի Պետական համալսարանին հետ։ Անոր համաձայն՝ հաստատութեան հիմնական նպատակը հայագիտութեան զարգացումն է: «Առաւելապէս շեշտը դրւում է արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման խնդիրների վրայ», յայտնած է ան։
«Երիտասարդութեան համար արեւմտահայերէնը պէտք է գործածական լեզու դարձնենք, յատկապէս Սփիւռքի մէջ: Եթէ մենք չկարենանք պահպանել մեր լեզուն, ոչ ոք պիտի կարենայ պահպանել արեւմտահայերէնը», ըսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, որ ստորագրած է յուշագիրը:
Նշենք, որ Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ 12-19 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ, որ կազմակերպուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ: Ռազմիկ Փանոսեանի համաձայն՝ ատիկա առիթ է աւելի լայն լսարանի ներկայացնելու հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.