Հայաստան Կը Պատրաստուի Դառնալ Ոսկեգործութեան Շրջանային Կեդրոն


Հայաստան կը վերականգնէ ոսկեգործական իր աւանդոյթները եւ կը պատրաստուի դառնալ ոսկեգործութեան տարածաշրջանային կեդրոն: Նպատակը իրագործելի դարձնելու համար արդէն 4րդ տարին անընդմէջ «Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւն»ը (AJA) Հայաստան կը բերէ աշխարհի լաւագոյն ոսկեգործական ընկերութիւններն ու ոսկերիչները՝ միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն տալով տեղի մասնագէտներուն ներկայացնելու իրենց աշխատանքները: Այս տարի եւս Հոկտեմբերը Հայաստանի մէջ կը վերածուի ոսկերչական տօնի: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
Երեւանի մէջ արդէն 4րդ անգամ «Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւն»ը (AJA) կը կազմակերպէ «Yerevan Show 2014» ոսկերչական ցուցահանդէսը՝ նորաբաց «Մերիտիան» էքսփօ կեդրոնին մէջ: Ցուցահանդէսը այս տարի կը հիւրընկալէ շուրջ 27 երկիրներու՝ ԱՄՆ, Քանատա, Ֆրանսա, Իտալիա, Պելճիքա, Զուիցերիա, Չեխիա, Ռուսիա, Թուրքիա, ԱՄԷ, Մեծն Բրիտանիա, Լիբանան, Քուէյթ, Հնդկաստան, Յորդանան, Արժանթին, Ճափոն, Պելոռուս, Աւստրալիա, Էսթոնիա եւ այլն, յայտնի ոսկերչական եւ ժամագործական աւելի քան 150 մասնակից ընկերութիւն, մօտ 500 արտասահմանեան գնորդներու, փորձագէտներու եւ բարձրաստիճան հիւրեր: Միաժամանակ ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին մօտ 25 տեղական ընկերութիւններ:
«Yerevan Show 2014»ի պատուաւոր հիւրերն են Համաշխարհային ոսկերչական համադաշնութեան (CIBJO) նախագահ Կայէթանօ Քաւալիէրին, «Vicenzaoro» միջազգային ցուցահանդէսի կազմակերպիչ՝ «Fierra di Vicenza» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Քորատօ Ֆաքօն, Ռուսիոյ Պետական գանձարանի ղեկավար Անտրէյ Իւրինինը, Ադամանդ արտադրողներու միջազգային ընկերակցութեան (IDMA) նախագահ Մաքսիմ Շքաթովը, Իսրայէլի ոսկերիչ արտադրողներու միութեան գործադիր տնօրէն Իցհաք Պենթորը, Լոնտոնի ադամանդի սակարանի նախագահ Կարի Լեւինը, ինչպէս նաեւ հանրահռչակ «Տը Պիրզ» եւ «Ալռոսա» ընկերութիւններու ղեկավարները:
Ոսկերչական տօնը այս տարի պիտի համալրէ «Yerevan Fashion Week. Golden lace» նորաձեւութեան շաբաթը: Անիկա Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի առաջին անգամ ըլլալով եւ պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Նորաձեւութեան ցուցադրութեան ընթացքին իրենց հաւաքածոները պիտի ներկայացնեն ձեւաւորողներ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն եւ ԱՄՆէն: Պիտի ցուցադրուին նաեւ Հայաստանի մէջ ներկայացուած նշանաւոր խանութներ: Ցուցահանդէսի նպատակն է երիտասարդ եւ արդէն կայացած հայ տիզայնըրներու, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ ձեւաւորողներ համար հարթակ հանդիսանալ՝ ներկայացնելու իրենց հաւաքածոները, որ իր հերթին պիտի խթանէ Հայաստանի մէջ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան զարգացումը:
Այս եռօրեայ ցուցադրութիւնը պիտի իրականանայ «Մերիտիան» էքսփօ կեդրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 24-26: Կազմակերպիչներն են «Մերիտիան» էքսփօ կեդրոնը եւ «Ատեքս» նորաձեւութեան կեդրոնը:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
ՈՍԿԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՐԱԾԱՇՐæԱՆԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ»

ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամը AJA-ի հետ համատեղ կը կազմակերպէ տարածաշրջանային համաժողով՝ «Հայաստանը ոսկեգործութեան տարածաշրջանային կեդրոն» թեմայով: Համաժողովի հիմնական նիստին ելոյթով հանդէս պիտի գան ՀՀ կառավարութեան շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարները եւ ոլորտի միջազգային կառոյցներու ղեկավարներն ու փորձագէտները: Համաժողովի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին ոլորտային կլոր սեղաններ երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ ոսկեգործութիւն եւ ադամանդագործութիւն:

«ARMENIAN ART FAIR»
ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

«Մերիտիան» էքսփօ կեդրոնին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներու շարքին իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ հայ գեղանկարիչներու «Armenian Art Fair» ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսի օրերն են՝ Հոկտեմբեր 24-28:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.