ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարի Գանատա այցելութիւնը


Աշխատանքային այցով Գանատա կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը։

Նախարարի այցելութիւնը սկիզբ առաւ Թորոնթօ քաղաքէն, ուր ան այցելած է տեղւոյն հայ առաքելական, կաթողիկէ և բողոքական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ դպրոցներ։

Հոկտեմբերի 26-ին Կարէն Միրզոյեանը մասնակցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան հաւաքին որպէս գլխաւոր բանախօս։ Իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած է Արցախի ներկայ վիճակը։ Խօսելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արցախեան գործունէութեան մասին՝ նախարարը դրական գնահատած է այդ մէկը, ընդգծելով, որ այդ աշխատանքին շնորհիւ լուծուած են ենթակառուցուածքային բազմաթիւ հարցեր, կառուցուած են դպրոցներ, մանկապարտէզներ ու համայնքային կեդրոններ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.