Թուրք Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը


ԵՐԵՒԱՆ.– Եւրասիա համագործակցութեան հիմնադրամի «Մետիա Պաս Թուր» ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստան գտնուող թուրք լրագրողները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը: Անոնք շրջագայեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ, ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն եւ տեղեկութիւններուն։
Այնուհետեւ հայ եւ թուրք լրագրողները հանդիպում եւ աշխոյժ քննարկում ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանի հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.