Ալիեւի Դէմ Ցոյցեր Սապիրապատի Մէջ


ՍԱՊԻՐԱՊԱՏ, «Արմէնփրէս».- Քուռ գետի վարարումներէն տուժած Ատրպէյճանի Սապիրապատ շրջանի բնակիչները Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին բողոքի հանրահաւաք մը կատարած են՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել «Քուռ» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Օքթայ Կիւլալիեւը, որ երկու օր առաջ ձերբակալուած էր «մանր խռովարարութեան» յանցանքով:

Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց՝ ցոյցի մասնակիցները փակած են շրջանի գլխաւոր ճամբան, որուն հետեւանքով, ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է:

Յայտնենք, թէ Ապրիլ 2ին, Սապիրապատ շրջանի բնակիչները գործադիր իշխանութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած էին եւ իշխանութենէն պահանջած էին անցեալ տարի հեղեղումներէն կրած իրենց վնասներուն համար կառավարութեան որոշած փոխհատուցումը, զոր մինչեւ այսօր չեն ստացած: Շրջանի գործադիր ղեկավար Նազիմ Իսմայիլով բնակիչներուն բողոքն ու դժգոհութիւնը լսելէ ետք, 3 օր ժամանակ խնդրած է իրադրութիւնը գնահատելու համար եւ խոստացած է լուծել խնդիրը, սակայն ցարդ ոչ մէկ քայլ առնուած է: Աւելին, իշխանութիւններու կարգադրութեամբ եւ շինծու մեղադրանքով, ոստիկաններ ձերբակալած են բնակչութեան պահանջները ներկայացուցած գործիչ Կիւլալիեւը. բան մը, որ աւելիով զայրացուցած է բնակչութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.