Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Այցելած Է Սահմանամերձ Զօրամաս


Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կիրակի անակնկալօրէն այցելած է բանակի սահմանամերձ զօրամասերէն մէկը:

Օհանեանին ուղեկցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գառնիկ Հայրապետեան, բանակային զօրամասի  հրամանատար, գնդապետ Օննիկ Գասպարեան եւ այլ պաշտօնատարներ:

Նախարարը շրջագայած է զօրամասին մէջ, զրուցած է զինուորներուն հետ, ծանօթացած` զօրամասի անձնակազմի ընկերային եւ կենցաղային պայմաններուն, ստուգած է զօրամասի կիրակնօրեայ յատուկ օրակարգը եւ ընդհանուր առմամբ  ծանօթացած` զինուորական ծառայութեան կազմակերպման իւրայատկութիւններուն: Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ստուգած է պահակային ծառայութեան կազմակերպումը, տուած է համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

Այցելութիւնը աւարտած է զօրամասի ճաշարանի առողջապահական պայմաններուն եւ զինուորներուն սննդականոնի ստուգումով: Պաշտպանութեան նախարարը նախաճաշած է զինուորներուն հետ, հետաքրքրուած, թէ գո՞հ են արդեօք զինուորները յատկացուող սնունդի որակէն, տեսականիէն եւ սահմանուած բաժիններէն:

Սէյրան Օհանեան նաեւ մասնակցած է զօրամասին մէջ կազմակերպուած բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման միտուած կիրակնօրեայ ձեռնարկին: Պաշտպանութեան նախարարը անձնակազմին ներկայացուցած է զինեալ ուժերու յաջողութիւնները, ձեռքբերումներն ու յառաջիկայ ընելիքները, շնորհակալութիւն յայտնած է բարեխիղճ ու անձնուէր ծառայութեան համար, օրինակելի վարքի եւ ծառայութեան համար պարգեւատրած է սպաներ եւ զինուորներ:

Պաշտպանութեան նախարարը ապա այցելած է հարաւարեւելեան սահմանագօտիին մէջ  տեղակայուած մարտական դիրքեր, ստուգած է պաշտպանական եւ այլ կառոյցներու ամրութիւնը: Սէյրան Օհանեան զրուցած է դիրքապահ զինուորներու հետ, ծանօթացած է անոնց պատրաստութեան եւ զինուորական անձնակազմի շրջանակին մէջ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտին:

Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարը նաեւ այցելած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերքաբեր համայնք, ուր զրուցած է բնակիչներուն հետ, ծանօթացած անոնց խնդիրներուն եւ պատասխանած է զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.