Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան հարցով բանավէճ հայ համայնքէն ներս


Մարմարա – «Միլլիյէթ»ի աշխատակից Մէրթ Ինան թերթի երէկուան թիւին մէջ, վերի խորագրով կ՚անդրադառնար հայ համայնքէն ներս Պատրիարքի ընտրութեան հարցի շուրջ վերջին օրերուն արձանագրուած զարգացումներուն ու կը գրէր հետեւեալը.-Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութենէն ետք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը կը վարէ Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս վիճակը կը շարունակուի եօթը տարիէ ի վեր եւ Պատրիարքի ընտրութեան շուրջ ստեղծուած անորոշ վիճակը պառակտած է հայ համայնքը։ Կան շրջանակներ, որոնք կը պաշտպանեն այն կարծիքը թէ փոխանորդութիւնը վնաս կը պատճառէ Պատրիարքական աթոռին ու կը պահանջեն որ ընտրութիւն կատարուի։ Հոգեւորականներու խումբ մըն ալ տակաւին կը հաւատայ որ հրաշք կրնայ պատահիլ ու Մութաֆեան Պատրիարքը կրնայ ապաքինիլ։

Պատրիարքի ընտրութեան հարցով ստեղծուած բանավէճը եւ պառակտեալ շարժումները ամէն անցնող օր կը սաստկանան։ Եօթը տարիէ ի վեր Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը կը վարէ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, սակայն համայնքէն ներս կան շրջանակներ, որոնք կը պահանջեն որ անյապաղ Պատրիարքական նոր ընտրութիւններ կազմակերպուին։ Համայնքէն ներս բանավէճի միւս նիւթն ալ այն է թէ Աթոռակի՞ց Պատրիարք պէտք է ընտրել, թէ ոչ նոր Պատրիարք մը։

Արամ Աթէշեան Սրբազան դիտել տուաւ որ այս հարցի շուրջ տարիներէ ի վեր բանավէճ մը կայ համայնքէն ներս, իսկ անհրաժեշտ որոշումը Կրօնական Ժողովի կողմէ է որ կ՚ընդունուի։ Պատրիարքական ընտրութեան հարցով իր տեսակէտը ներկայացուց նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պր. Պետրոս Շիրինօղլու, որ ցաւով շեշտեց որ Մեսրոպ Պատրիարքի ուղեղի ամբողջ գործունէութիւնը կորսուած է։ Պետրոս Շիրինօղլու հետեւեալը յայտնեց.«Բժշկական տեսակէտէ անկարելի է որ Պատրիարքը իր նախկին առողջութիւնը վերագտնէ։ Մութաֆեան Պատրիարքի գիտակցութիւնը փակ է։ Բժշկական տեղեկագրերը ա՛յդ է որ կը փաստեն։ Դժբախտաբար մեր Պատրիարքը կենդանի մեռեալի վիճակի մէջ է։ Մինչեւ իր վերջին շունչը ամենալաւ պայմաններու մէջ պէտք է դարմանենք զինքը։ Բժիշկները նոյնիսկ այս վիճակի մէջ կ՚ըսեն որ Պատրիարքը տակաւին հինգ տարի կրնայ ապրիլ։ Արամ Սրբազան եօթը տարիէ ի վեր Պատրիարքական Փոխանորդ է ու եթէ հինգ տարի եւս շարունակէ այդ պաշտօնը, ապա Պատրիարքական Աթոռը մեծ վնաս պիտի ստանայ։ Համայնքի մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ որ Պատրիարքական ընտրութիւններ կազմակերպուին։ Եթէ Աթոռակից Պատրիարք ընտրուի, ապա ընտրեալ հոգեւորականը մինչեւ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումը ա՛յդ հանգամանքով է որ պիտի ծառայէ համայնքին, իսկ Պատրիարքի վախճանումէն ետք պաշտօնապէս պաշտօնի փոխանցում պիտի կատարուի։ Գալով Փոխանորդութեան, ապա այդ հանգամանքը կը մաշեցնէ Թուրքիոյ Պատրիարքական Աթոռը»։

Պատրիարքական ընտրութեան ուժեղ թեկնածուներէն մէկը՝ Սահակ Եպս. Մաշալեանի խօսքերով ընտրութեան մասին որոշումը կ՚ընդունուի Պատրիարքարանի ու Կրօնական Ժողովի կողմէ։ Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ ինը անդամներէ։

«Որոշումը ընդունելէ ետք դիմում կը կատարուի Ներքին Նախարարութեան մօտ ու կը ներկայացուի հինգ թեկնածուներէ բաղկացեալ ցանկ մը։ Պատրիարք կրնան ընտրուիլ միայն եպիսկոպոսական աստիճան ունեցող թեկնածուներ։ Համայնքի կողմէ կ՚ընտրուին 70 պատգամաւորներ, ասոնց կը միանան 10 հոգեւորականներ եւ նոր պատրիարքը կ՚ընտրուի 80 հոգինոց Ներկայացուցիչներու Խորհուրդի կողմէ։ Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Յանձնախումբը նոր Պատրիարքի մը ընտրութեան, իսկ Կրօնական Ժողովը՝ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան դիմում ներկայացուցած էր պետութեան պատկան մարմիններուն։ Այս իրավիճակը հակասական դիտուած էր պետութեան տեսանկիւնէն եւ տեղեկացուած էր որ Պատրիարքը ողջ է, ուստի Պատրիարքական Փոխանորդն է որ պէտք է շարունակէ ծառայութիւնը։ Պատրիարքութեան համար թեկնածու հոգեւորականները այնքան ալ հաշտ աչքով չընդունեցին այդ իրողութիւնը։ Հիմա ա՛լ աւելի զգոյշ ենք։ Նախ թող որոշում մը առնուի։ Թեկնածուներու հարցը դիւրին է։ Համայնքի գերակշիռ մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ որ ընտրութիւն կատարուի։ Հինգ տարի առաջուան անյապաղելի հարցը հիմա ա՛լ աւելի անյապաղելի դարձած է։ Հայ հաւաքականութիւնը սրբազան կապուածութիւն մը ունի Մեսրոպ Պատրիարքի հետ։ Շատեր հրաշքի կը սպասեն ու կը խորհին որ Պատրիարքը կրնայ ապաքինիլ։ Բայց զարգացումները ցոյց տուին որ անպայման ընտրութեան կարիք կայ։ Ես ալ որպէս եպիսկոպոս, բնականաբար թեկնածուներէն մէկն եմ», ըսաւ Սահակ Սրբազան։Փաստաբան Սեդրակ Տավուտհան այս հարցի առընչութեամբ ըսաւ որ իրենք դատարան պիտի դիմեն ու պիտի պահանջեն որ անպայման ընտրութիւններու արտօնութիւն տրուի համայնքին։ Ան ըսաւ հետեւեալը. «Որպէս Ընտրութեան Նախաձեռնարկ յանձնախումբ, պարբերաբար օրակարգի բերինք Պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Բայց Իսթանպուլի Կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուեցաւ պաշտօնական նամակ մը այն մասին որ Պատրիարքը ողջ է, առողջական վիճակի պատճառով չի՛ կրնար հրաժարական ներկայացնել, ուստի Պատրիարքական Փոխանորդն է որ պէտք է շարունակէ ծառայութիւնը։ Այդ նամակով կը շեշտուէր որ Աթոռակից Պատրիարքի կարգավիճակ մը չկայ եւ Փոխանորդ է որ պէտք է ընտրուի։ Մեր յանձնախումբը դէմ եկաւ Կուսակալութեան այդ պահանջին, պնդելով որ Պատրիարքական Փոխանորդութիւն կոչեցեալ հաստատութիւն մը գոյութիւն չունի։ 2010ին դատ բացինք Ներքին Նախարարութեան ու Իսթանպուլի կուսակալութեան դէմ, պահանջելով որ այդ որոշումը չեղեալ նկատուի։ Տեղական Դատարանը մերժեց մեր դիմումը։ Այս անգամ բողոքի դիմում ներկայացուցինք Վճռաբեկ Ատեանի մօտ։ Սակայն մեզի դրական կամ ժխտական պատասխան-վճիռ մը չտրուեցաւ։ Յառաջիկայ օրերուն Սահմանադրական Դատարանի մօտ անհատական դիմում ներկայացնելու մեր իրաւունքն է որ պիտի գործածենք։ Համայնքէն կարգ մը անձեր մէջտեղ նետեցին Աթոռակից Պատրիարքութիւն կոչուած նիւթ մը մը։ Բայց Պատրիարքական Աթոռի 550 տարիներու պատմութեան մէջ այդպիսի «Աթոռակից Պատրիարք» յորջորջումով իրողութիւն մը չկայ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.