Պասքեթպոլ. Արաբական Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ժազիրայի Եւ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը


1015_HOMENETMEN-TEAMԱղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց 2014-ի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 80-71 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ժազիրան (Եգիպտոս), խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող վերջին մրցումին:

Մրցումին լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ Նաթալի Սվաճեան:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ, որ գրաւեց Ա. խմբակին 2-րդ դիրքը, քառորդ աւարտականի մրցումներուն պիտի մրցի Օրթոտոքս խումբին դէմ, որ գրաւեց Բ. խմբակին 3-րդ դիրքը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.