Քրտերէն Թերթերու Ցրուիչ Մը Կը Սպաննուի Ատանայի Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա դժուար օրեր կ՛ապրի։ Սահմանակից Սուրիոյ ու Իրաքի անցուդարձերը, իսլամ ծայրայեղականներու յառաջխաղացքը, Քոպանիի պատճառաւ Թուրքիոյ քիւրտերուն կազմակերպած ցոյցերը եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան իւրացուցած կեցուածքը ստեղծած են խառնաշփոթ ու պայթուցիկ մթնոլորտ մը։
Այս պայմաններուն մէջ, Հոկտեմբեր 14ին Ատանայի մէջ երկու անծանօթներու կողմէ բացուած կրակի հետեւանքով մահացած է 46 տարեկան Քատրի Պաղտու անունով քիւրտ մը, որ քրտերէն թերթերու ցրուիչն էր։
Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը դատապարտեց այս ոճիրը՝ ըսելով, որ այդ արարքը ազատ մամուլի դէմ բացայայտ յարձակում է, յայտնապէս՝ կազմակերպուած ահաբեկչական մարմինի մը կողմէ։
Միւս կողմէ, վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու հանդիպում մը ունեցաւ արեւելեան ու հարաւարեւելեան նահանգներու 70 քաղաքապետներուն հետ ու քննեց այդ նահանգներէն ներս առկայ վիճակը՝ յանձնարարութիւններ ընելով անոնց։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.