Աբխազիոյ երկրորդ փոխվարչապետ նշանակուած է Սուրէն Կերսելեանը
1445
0
Աբխազիոյ մէջ հաստատուած Է կառավարութեան նոր կառուցուածք՚: ըստ նախագահ Ռաուլ Խաջիմպայի համապատասխան հրամանագրին՝ նոր կառավարութեան մէջ պիտի գործեն երեք փոխվարչապետ: Առաջին փոխվարչապետ նշանակուած է Շամիլ Աձինպան, իսկ Սուխումի հայ համայնքի ղեկավար Սուրէն Կերսելեանը դարձած Է երկրորդ փոխվարչապետ: Կերսելեան նաեւ պիտի գլխաւորէ աշխատանքի եւ սոցիալական պաշտպանութեան նախարարութիւնը: